ԵՐԵԱՆ.- Երեւանի Նոր Նորքի Սբ Սարգիս եկեղեցիին մէջ այսօր տեղի ունեցաւ Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետութեան մօտ ՀՀ արտակարգ ե լիազօր դեսպան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի անդամ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի հոգեհանգիստի արարողութիւնը:
Վահան Հովհաննիսեանի հարազատներուն, բարեկամներուն, կուսակից ընկերներոն իրենց ցաւակցութիւնը յայտնելու եկած էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանը, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը, ՀՀ կառավարութեան անդամներ, պատգամաորներ, տարբեր կուսակցութիւններո ղեկավարներ, հազարաոր քաղաքացիներ: