
ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբը այս տարի եւս նախաձեռնեց բարեսիրական այցելութիւններու շարքի մը՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զոյգ առիթներով, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութեանց, ինչպէս նաեւ կարգ մը ՀՄԸՄասէր բարերարներու:
Շեփորախումբը իր բարեսիրական այցելութիւններուն սկսաւ Ուրբաթ, 26 դեկտեմբերի առաւօտեան, այցելելով Հայ ազգային բուժարան (Ազունիէ), ուրկէ խումբ մը ուղղուեցաւ դէպի ՔԱՀԼ: Զոյգ հաստատութիւններուն մէջ շեփորախումբը հրամցուց փունջ մը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան երգեր, ինչպէս նաեւ շարք մը ազգային երգեր՝ ընդառաջելով մամիկներուն եւ պապիկներուն փափաքին: Տօնական ճոխ եւ ուրախ մթնոլորտ կը տիրէր զոյգ հաստատութիւններուն մէջ: Շեփորախումբի անդամները աւետեցին Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը՝ ստանալով ծերունիներուն օրհնութիւնները: ՀՄԸՄականները իրենց հետ տարած էին փոքր նուէրներ՝ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով:
Անկէ ետք շեփորախումբը շարունակեց իր երթը դէպի «Զուարթնոց» կեդրոն, որուն մուտքին դիմաւորուեցան կեդրոնի սաներուն կողմէ եւ անոնց համար նուագեցին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան երգեր: Շեփորախումբի անդամները իրենց հետ տարած էին նուէրներ, զորս բաժնեցին բոլոր սաներուն՝ մաղթելով, որ 2015 տարին ըլլայ խաղաղ տարի մը ամբողջ աշխարհի համար:
Ապա շեփորախումբը ուղղուեցաւ դէպի Պուրճ Համուտի հրապարակ, Արաքս փողոց, անոր զուգահեռ «Արին» կեդրոնի պողոտայ եւ Մարաշ փողոց, ուր դարձեալ տօնական ճոխ մթնոլորտի մը մէջ հրամցուց Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան յատուկ երգեր: Յատկանշական էր Մարաշ փողոցի ընդունելութիւնը, ուր տեղի ունեցաւ հրավառութիւն՝ իբրեւ գնահատանք շեփորախումբի նախաձեռնութեան: Շրջանի բնակիչները եւ անցորդները մեծ ուրախութեամբ ողջունեցին ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբի անդամները, որոնք խանդավառեցին Պուրճ Համուտի թաղամասերը՝ տօնական ջերմ մթնոլորտ ստեղծելով:
Պուրճ Համուտէն շեփորախումբը շարունակեց դէպի Ժտէյտի, ուր դիմաւորուեցաւ հրավառութեամբ. այնտեղ եւս խումբը նուագեց փունջ մը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան յատուկ երգեր, ինչպէս նաեւ շարք մը ազգային երգեր: