
Կիրակի, Յունուար 4ի կէսօրուան ժամը 12ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի նոր մահացած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի հոգւոյն համար:
Հոգեհանգիստեան արարողութենէն ետք ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ Յիշատակի Հաւաք՝ եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ:
Յայտարարութիւնը տեսնել էջ 13ի վրայ: