ՀԱԼԷՊ.- «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Չիլափողեան կը տեղեկացնէ. Այսօր, Երեքշաբթի 30 Դեկտեմբեր 2014-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ հրթիռակոծման ենթարկուեցան Հալէպի զանազան շրջանները, որոնց մէջ նաեւ հայահոծ թաղամասեր՝ Սուլէյմանիէն ու Նորգիւղը։ Սուլէյմանիէի մէջ ինկած հրթիռի մը պայթումին հետեւանքով վիրաւորուեցան մէկէ աւելի քաղաքացիներ, որոնց մէջ նաեւ հայորդիներ, լուրջ վնասներ կրեցին շրջանի աշխատավայրերն ու բնակարանները։ Միւս կողմէ, պետական աղբիւրներ հաստատեցին, թէ ելեկտրականութիւնն ու ջուրը աստիճանաբար սկսան միանալ շուրջ 5 օրուայ մնայուն անջատումէն ետք։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.