ԵՐԵՒԱՆ.– Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ՝ կառավարութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի մահուան առիթով ստեղծուած կառավարական յանձնաժողովի նիստը:
Նիստին ընթացքին որոշուած է, որ Վահան Յովհաննիսեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ 2 Յունուար 2015ին՝ ժամը 17:00ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Նոր Նորքի 5րդ զանգուածի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, իսկ վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը՝ 3 Յունուարին՝ ժամը 11:00-13:00, Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ, ապա յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.