ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան կը հաղորդէ, թէ 93ամեայ Էտուըրտ Յակոբեան հաստատած է իր հանգուցեալ եղբօր՝ Փիթըր Մուրատ Յակոբեանի, անուան կրթանպաստի հիմնադրամ մը, որուն նպատակն է կրթաթոշակներ յատկացնել Ֆրեզնոյի համալսարանին մէջ հայագիտական նիւթերու հետեւող ուսանողներուն։
Մեսեչուսեց ծնած Յակոբեան հասակ նետած է Տիթրոյիթի մէջ ու համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն չորս տարի ծառայած է ամերիկեան ծովուժին, իսկ 1947ին, Ֆրեզնօ հաստատուած է։ Ան երկար տարիներով կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցած է Ֆրեզնոյի Քալիֆորնիահայ տարեցներու տան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.