ՄԱԿ.- ԵՈՒՆԻՍԵՖի տարեկան տեղեկագիրէն յայտնի կը դառնայ, թէ 2014ը վախի եւ յուսահատութեան տարի եղած է միլիոնաւոր երախաներու համար, որոնք աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ, հակամարտութիւններու հետեւանքով ենթարկուած են բռնութեանց եւ ականատես եղած են անոնց կործանարար հետեւանքներուն։
Ըստ զեկոյցին՝ երախաներ սպաննուած են դասերու ընթացքին եւ իրենց անկողիններուն մէջ, հակամարտութիւններու հետեւանքով միլիոնաւոր երեխաներ որբացած են, առեւանգուած, խոշտանգուած, բռնաբարուած եւ ստրուկներու նման վաճառուած են՝ շահագործուելով զինեալ խմբաւորումներու կողմէ։
Այս տարի, աւելի քան 15 միլիոն երեխաներ առեւանգուած են, իսկ աշխարհի տարածքին ներկայիս աւելի քան 230 միլիոն երեխաներ կ՛ապրին զինեալ հակամարտութիւններէ տուժած երկիրներու եւ հողատարածքներու մէջ։
Հակառակ հսկայական խոչընդոտներուն, մարդասիրական կազմակերպութիւններ, ներառեալ ԵՈՒՆԻՍԵՖը, ջանք կը տանին կենսական օժանդակութիւններ եւ սպասարկութիւններ մատուցելու վտանգուած երախաներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.