ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Թիֆլիսի մէջ մառախուղի պատճառով 20-21 Դեկտեմբերին եւ 21-22 լոյս գիշերը ուքրանական օդանաւային ընկերութիւններուն պատկանող երկու օդանաւեր արտակարգ վայրէջք կատարած են «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ: Քիեւ-Թիֆլիս թռիչք կատարող օդանաւերէն առաջինին մէջ կային 24, երկրորդին մէջ 13 ատրպէյճանցնիներ, որոնց «Զուարթնոց»ի մէջ օգնած են, հիւրասիրած եւ ճամբու դրած:
«Քանի որ իրենց համար պահուստային էր ընտրուած «Զուարթնոցը», նրանք վայրէջք են կատարել այստեղ: Մեր անվտանգութեան աշխատակիցները նրանց համար ապահովել են անվտանգութիւն, փոխանակման կէտերում գումար փոխանակելու հնարաւորութիւն տուել, թէյ, սուրճ հիւրասիրել եւ ճանապարհել», «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան մամլոյ քարտուղար Ռուբէն Գրձելեան:
«Մի գուցէ, սկզբում իրենց անվտանգութեան հետ կապուած որոշ մտավախութիւններ են ունեցել, բայց նրանցից շատերը մի քանի անգամ հրապարակային շնորհակալութիւն են յայտնել անվտանգութիւնն ապահովող Հենրիկ Գաբրիէլեանին», աւելցուցած է ան:
Ատրպէյճական լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին ընթացքին ճամբորդներէն մէկը պատմած է, որ օդանաւուն մէջ գտնուած ատրպէյճանցիները վախցած են Հայաստանի մէջ վայրէջք կատարելէ ու խնդրած են օդաչուէն Գանձակի մէջ վայրէջք կատարել, սակայն օդաչուները որոշած են վայրէջք կատարել Երեւանի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.