
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Խոստումէն աւելի՝ յանձնառութիւններ պէտք է ըսել: Հարիւրամեակի տարի է եւ պարզ խոստումներով չենք կրնար ազատիլ:
Ուրեմն՝
Այս Նոր Տարին եւ անկէ ետք իւրաքանչիւր օր, եկէք յանձնառու ըլլանք մեր համայնքային ու ազգային կեանքին նոր որակ ներդնել, նոր աւիշ ներարկել եւ նոր ուժականութիւն սրսկել:
Այս բոլոր «նոր»երը կրնանք գտնել մեր մէջ, եթէ կարենանք թօթափել մեզմէ ծածուկ մեր ներաշխարհը ջլատող յոգնածութիւնը, մեր տեսիլքը խափանող բարոյալքումը, մեր վճռականութիւնը թուլացնող ինքնավստահութեան պակասը:
Նոր ուժ ու կորով կը մտնէ մեր միութենական ու կազմակերպական կեանքին մէջ, եթէ կարենանք զիրար ոգեւորել ու քաջալերել, միասին աշխատիլը հաճոյքի վերածել, իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն գնահատել, միութենական կեանքէն ներս նոր մուտք գործողներուն յատուկ գուրգուրանք եւ ուշադրութիւն շռայլել:
Եկէք յանձնառու ըլլանք երբե՛ք չգործել մեր «ոտքը սաւանին չափով երկարելու» մտայնութեամբ, որ միայն նահանջի ու տեղատուութեան արդարացում կրնայ ըլլալ: Պէտք է խիզախ ըլլանք, նետուինք անկարելի թուացող ծրագիրներու ետեւէն ու ստեղծագործ մօտեցումներով բազմապատկենք մեր հնարաւորութիւնները:
Եկէք յանձնառու ըլլանք յարգել զիրար, յարգել մտաւոր աշխատանքը, յարգել նիւթական զոհաբերութիւնը, գտնել իւրաքանչիւրին ներդրումը ըստ արժանւոյն գնահատելու բանաձեւը՝ առանց չափազանցելու մէկը կամ միւսը:
Եկէք յանձնառու ըլլանք մրջիւնի աշխատասիրութեամբ ծառայել համայնքին, ազգին ու հայրենիքին, եւ կը տեսնէ՛ք ի՜նչ նուաճումներով կը հարստանայ մեր երթը։
Պրա՛ւօ, Աբօ։ Զուտ ներշնչում է խմբագրականդ։