ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Փոքրիկ Հայաստանի եւ շրջակայ թաղամասերու հայութիւնը համախմբելու, զայն կազմակերպուած ուժի վերածելու եւ տեղւոյն հայութեան իրաւուննքերը պաշտպանելու կողքին համայնքի ներուժը ազգային հացերու լուծման ուղղորդելու առաքելութիւնը ստանձնած է ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւնը:
Անցեալ Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբերին, կոմիտէութիւնը երրորդ տարին ըլլալով Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին մէջ ճաշկերոյթ մը կազմակերպած էր, որուն ընթացքին իր աշխատանքներուն համար հանգանակուեցաւ աւելի քան 25,000 տոլար:
«Օյսթըր նայթ» յայտարարուած էր եւ հրամցուած ոստրէները իսկապէս համեղ էին: Շատ արագ մթնոլորտը ջերմացաւ՝ շնորհիւ Հալէպահայ երգիչ Գառնիկ Ճեպեճեանին, որ կրցաւ ներկաներուն սրտին խօսող երգեր մատուցել:
Երեկոյի բացումը կատարեց Մուրատ Շահինեան: Ան անմիջապէս բարձրախօսը փոխանցեց Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ տէր Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանին:
Տէր Վիգէն իւրայատուկ խանդավառութիւն ստեղծեց իր անմիջականութեամբ եւ ոգեւորող հռետորութեամբ, ներկաներուն յամառ ճնշումներուն ընդառաջելով՝ նաեւ երգելով:
Ճաշկերոյթին ներկայ եղան եւ կոմիտէութեան իրենց զօրակցութիւնը ցուցաբերեցին տարբեր շրջաններէ եկած ՀՅԴ կոմիտէութեանց ներկայացուցիչներ եւ ընկերներ:
Ճաշկերոյթը աւարտեցաւ ուշ գիշերին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.