
Ֆրանսայի Փուատիէ նահանգի Լուսինեան քաղաքին մէջ Դեկտեմբեր 13ին տեղի ունեցաւ հայոց վերջին թագաւոր Լեւոն Ե.ի (հայկական պատմագրութեան մէջ կը յիշատակուի նաեւ իբրեւ Լեւոն Զ.), Ֆրանսայի ազատութեան համար նահատակուած մարտիկներու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի հանդիսաւոր բացման եւ օծման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Ֆրանսայի մօտ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիթեչեան:
Հանդիսութեան կը մասնակցէին Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր ԺանՄիշէլ Կլեման, Փուատիէի նահանգային խորհուրդի նախագահ Քլոտ Պերթօ, Լուսինեանի քաղաքաքապետ Ռընէ Ժիպօ, Ֆրանսայէն ու յարակից երկիրներէ ժամանած հարիւրաւոր հայեր եւ այլ հիւրեր: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակը:
Հայկական տուֆէ քանդակուած խաչքարը տեղադրուեցաւ Լուսինեանի քաղաքապետարանի, «Արարատ» ընկերակցութեան, «Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ ընդդիմադիրներու միութիւն»ի եւ Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովի համատեղ ջանքերով, իսկ օծման կարգը կատարուեցաւ Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեանի կողմէ. աղօթեց նաեւ Եւրասիոյ Հայ Աւետարանչական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի դոկտոր Ռընէ Լեւոնեան: Այնուհետեւ ծաղկեպսակ դրուեցաւ խաչքարին մօտ:
Իրենց ողջոյնի խօսքին մէջ ԺանՄիշէլ Կլեման եւ Քլոտ Պերթօ բարձր գնահատեցին հայ համայնքին դերը Ֆրանսայի կեանքին եւ հայֆրանսական բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ: Քաղաքապետ Ռընէ Ժիպօ նշեց, որ Լուսինեան հայկական արմատներով ֆրանսական քաղաք է, ուր այցելող հայերը այսուհետեւ իրենք զիրենք պէտք է զգան իրենց տան մէջ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, բարձր գնահատելով եւ խորհրդանշական համարելով խաչքարի տեղադրումը Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին, նշեց. «Պահը պատմական է, բարոյական է, քաղաքական է եւ ազգային է: Քաղաքի այցելուին խաչքարը կը յիշեցնի հինգ կարեւոր փաստ՝ այն, որ հայերը հազարամեակների պատմութիւն ու Կիլիկեան թագաւորութիւն են ունեցել, մեր Կիլիկիայի վերջին թագաւորը Լեւոն Ե.ն է, ով իր վերջին հանգրուանն է գտել Ֆրանսիայում, խաչքարը նուիրուած է նաեւ Ֆրանսիայի ազատագրման համար զոհուած հայ մարտիկներին, ովքեր խաղաղութիւն, ազատութիւն պարգեւեցին այս հրաշալի երկրին, այն մարմնաւորում է հայֆրանսիական դարաւոր բարեկամութիւնը եւ, ի վերջոյ, Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերի յիշատակը: Ընդամէնը ամիսներ յետոյ առաջադէմ մարդկութեան հետ մենք ոգեկոչելու ենք Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը եւ յայտարարելու ենք. «Յիշում եմ եւ պահանջում»: Թուրքը պէտք է իմանայ, որ մենք չենք լռելու, մենք պահանջելու ենք, որ ճանաչի հայ ժողովրդի եւ մարդկութեան դէմ գործած իր աննախադէպ ոճրագործութիւնը, փոխհատուցի եւ հետեւանքները վերացնի»:
Խաչքարի տեղադրման օժանդակելուն եւ հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած աւանդի համար ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներով ու շնորհակալագիրներով պարգեւատրուեցան Անտրէ Վալոտա, Անթուան Պաղտիկեան, Լիտիա Կայմակեան, Դանիէլ Արթինեան, Երուանդ Պէրպէրեան եւ Ֆրետերիք Ֆրինգեան:
Նախարարը այցելեց քաղաքի թանգարանին մէջ բացուած «Լուսինեանները եւ Հայաստանը» ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էր Լուսինեան թագաւորական տոհմի ամբողջ պատմութիւնը: Սփիւռքի նախարարը եղաւ նաեւ Ֆրանսայի ազատագրման համար մարտնչած հայ ռազմիկներուն նուիրուած ցուցահանդէսին:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Լեւոն Ե.ին նուիրուած համաժողով, որուն ընթացքին Քլոտ Մութաֆեան հանդէս եկաւ «Լուսինեանները եւ Հայաստանը 13-14րդ դարերուն» խորագիրը կրող զեկուցումով՝ ներկայացնելով Կիլիկեան Հայաստանի պատմութիւնը:
Համաժողովին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հրանոյշ Յակոբեան եւ բանախօսին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարաութեան «Մայրենիի Դեսպան» մետալով՝ Հայագիտութեան ոլորտին մէջ իր բերած նպաստին, Հայոց լեզուի ու պատմութեան հանրահռչակման ու հայապահպանման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար:
Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ Լուսինեանի քաղաքապետ Ռընէ Ժիպոյի կողմէ կայացած հանդիսաւոր ընդունելութիւն, որուն ներկայ էին շուրջ 250 հայեր: Ազգային եւ ժողովրդական պարերու կատարումներով հանդէս եկաւ Փուատիէ քաղաքի հայկական պարախումբը: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Լուսինեանի քաղաքապետին քաղաքի կեդրոնին մէջ հիանալի տարածքի տրամադրման ու օժանդակութեան համար եւ բարձր գնահատելով անոր հայանպաստ գործունէութիւնը՝ պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով: –
otar gorts chunek?