
ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած է սասունցի Ատնան Արսլանի «Ընկուզենին» գեղարուեստական վէպը, որուն մէջ կը ներկայացուի արեւմտահայութեան, յատկապէս՝ հայ կանանց ու երեխաներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու՝ հեղինակը այս ստեղծագործութեան վերաբերեալ յայտնած է, թէ զինք ներշնչած է 96 տարեկան հայ մը՝ Սիւլէյման անունով, որ կը բնակէր նոյն հայկական գիւղը, ուր ինք հասակ նետած է:
Սասուն գաւառին ենթակայ Թեքեւլեր գիւղէն ծագած Ատնան Արսլան նաեւ նշած է, որ սոյն գիրքին միջոցով կը փափաքի ապագայ սերունդներուն փոխանցել հայերու բնակավայրերուն, կենսակերպին եւ ապրած մեծ աղէտին մասին տեղեկութիւններ: Հեղինակը շեշտած է, թէ վէպը գրած է՝ իրական փաստերու եւ իրադարձութիւններու վրայ հիմնուելով: