ԱՍՏԱՆԱ, «Թայմ».- 14 Դեկտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ Ղազախստան մեկնած Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը հանդիպում ունեցած է Ղազախստանի նախագահ Նորսուլթան Նազարպայեւի հետ, որ հաստատած է Հայաստանի՝ Եւրոպական տնտեսական միութեան մաս կազմելու իրենց համաձայնութիւնը։
Երկկողմանի հանդիպման ընթացքին Նազարպայեւը շնորհակալութիւն յայտնած է Մետվետեւին՝ անդրադառնալով երկու երկիրներուն միջեւ եղած ամուր կապերուն եւ վստահութեան լիարժէք մթնոլորտի առկայութեան:
Իր խօսքին մէջ Նազարպայեւ յայտնած է. «Յունուար մէկէն պիտի աշխատինք Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ: Կրնան ըսել, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ առեւտուրը նուազած է եւ այլն: Այո՛, ատիկա այդպէս է, բայց խօսքը գումարի մասին է:
Պիտի բարելաւուի համագործակցութիւնը ձեռներէցներուն եւ ընկերութիւններուն միջեւ: Օգտակարութիւնը ընդհանուր է, մենք ունինք միասնական մաքսային սահմաններ, մարդոց եւ ապրանքներու ազատ տեղաշարժ: 23 Դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ եւս հանդիպում պիտի ունենանք եւ վաւերացնենք Հայաստանի անդամակցութիւնը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.