
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Վրաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան երկրորդ օրը Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ կառավարական պատուիրակութեան անդամները այցելած են Թիֆլիսի մէջ «Հերոսներ» հրապարակ եւ ծաղկեպսակ զետեղած յուշակոթողին առջեւ:
Վարչապետը այցելած է նաեւ Հաւլաբար թաղամաս՝ հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոն, ծանօթացած բարեկարգման աշխատանքներուն եւ յարգանքի տուրք մատուցած հայ մեծերու յիշատակին:
Անկէ ետք Յովիկ Աբրահամեան ուղղուած է Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցի, ուր ծաղիկներ զետեղած է 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ: Այնուհետեւ վարչապետը շրջագայած է եկեղեցւոյ կից գործող Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ եւ ներկայ գտնուած Ներսիսեան դպրոցի հիմնադրութեան 190ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի բացման:
Իր խօսքին մէջ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Վրաստանի հայրենակիցներուն՝ ջերմ ընդունելութեան համար եւ կարեւոր նկատած է վիրահայ համայնքին դերը հայ-վրացական բարեկամութեան զարգացման իմաստով: Յովիկ Աբրահամեանի խօսքով՝ վիրահայերը երկու բարեկամ եւ հարեւան ժողովուրդները իրար կապող յուսալի կամուրջ են եւ ամուր ու վստահելի յենարան:
Անդրադառնալով Վրաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան արդիւնքներուն՝ կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ հայ-վրացական համագործակ-ցութիւնը կը զարգանայ փոխվստահութեան մթնոլորտի մէջ, ինչ որ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման երաշխիք է:
Յովիկ Աբրահամեան հաստատած է. «Վրաստանի հայ համայնքի խնդիրները մշտապէս գտնւում են Հայաստանի իշխանութիւնների ուշադրութեան կենտրոնում, եւ Հայաստանի կառավարութիւնը անցնող տարիներին բազմաթիւ ծրագրերով աջակցել է վիրահայ համայնքի մշակութային եւ գիտակրթական միջոցառումների կազմակերպման եւ հայրենիքի հետ կապերի ամրապնդման գործում»: Ան կարեւոր նկատած է համախմբուած եւ կազմակերպուած համայնքի առկայութիւնը, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ պահպանելու լեզուամշակութային արժէքները եւ Սփիւռքի նոր սերունդին մէջ արթուն պահելու հայի ինքնութիւնը: Ամփոփելով ելոյթը՝ կառավարութեան ղեկավարը վստահեցուցած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի շարունակեն ջանքեր գործադրել վիրահայ համայնքին սատար կանգնելու համար:
Հայապահպանութեան իմաստով ունեցած աւանդին համար «Հայարտուն» կրթութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեան, Դաւթեան ընտանեկան թատերական կեդրոնի տնօրէն Ժաննա Դաւթեան եւ Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ազգային ուսումնական ծրագիրներու վարչութեան ոչ վրացալեզու ուսումնական նիւթերու համակարգող Կարինէ Մանուկեան պարգեւատրուած են Հայաստանի վարչապետի յուշամետալով: Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ «Կամուրջ» տարեգիրքի գլխաւոր խմբագիր Անահիտ Բոստանջեան պարգեւատրուած է Մխիթարեան միաբանութեան «Յակոբ Մեղապարտ» մետալով, Ներսէս Շնորհալի մանկական երգչախումբի ղեկավար Մարիա Աբուլեան՝ «Կոմիտաս» մետալով:
Վարչապետը նաեւ շնորհաւորած է Վրաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչները՝ յառաջիկայ տօներուն առթիւ եւ նուիրատուութիւն կատարած «Հայարտուն» կրթութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի նախակրթարանին: