
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Փա՜ռք Աստուծոյ, Ամերիկայի տնտեսութիւնը առողջութեան նշաններ ցոյց կու տայ, եւ մարդիկ աւելի լաւատեսութեամբ կը նային ապագային:
Ամերիկահայութիւնն ալ վստահաբար իր բաժին բարիքները կը վայելէ տնտեսական այս վիճակէն, եւ մենք համոզուած ենք, որ մեր ազգակիցները իրենց բարօրութենէն անպայման բաժին մը պիտի հանեն բարեգործական, ազգային ծրագիրներու համար:
Ամանորեան այս օրերուն, երբ առաւել տրամադիր կ՛ըլլանք նուէրներ բաշխելու մեր անմիջական սիրելիներուն, կ՛առաջարկենք այդ նուէրները որոշելու ընթացքին նաեւ նկատի առնել մեր հետեւեալները.
* Սուրիահայութեան Օգնութեան Միացեալ Մարմինին միջոցաւ՝ ամէն օր իրենց կեանքին սպառնացող վտանգը ապրող Սուրիոյ մեր ազգակիցներուն:
* Արցախի ազգային վիճակահանութեան տոմսեր գնել. հատը՝ հինգ տոլար արժէքով: Ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման ու զարգացման հրաշալի նպատակին պիտի ծառայէ այս մէկը: Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի համար գոնէ մէկ տոմս:
* Հայ Օգնութեան Միութեան ճամբով կարիքաւորներու օգնութիւն՝ Սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան, Արցախ ու Ջաւախք:
* Հայ Դատի Յանձնախումբը՝ ազգային մեր պահանջատիրական պայքարը աւելի հզօր թափով առաջ տանելու համար:
* Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ դպրոցներ վերանորոգելու կամ ուսանողներուն կրթաթոշակ յատկացնելու հիմնադրամին:
* Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Հայաստանեան ծրագիրներուն համար:
* Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի Պատանեկան ճամբարներու ծրագիրին:
* «Ասպարէզ»ը՝ բաժանորդագրութիւն նուիրելով, թուայնացում հովանաւորելով, կամ թերթի տարածմանն ու զարգացմանը օգնելով, որպէսզի ձեր սրտամօտիկ գաղափարները առաւել լայն շրջանակի հասնին: