
ԵՐԵՒԱՆ.– 10 Դեկտեմբերին «Փաստարկ» ակումբին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին մասին՝ հաստատելով, որ անոր գլխաւոր նուաճումը պիտի ըլլայ այն, որ մենք ազգովին սկսինք խօսել ոչ միայն անոր փաստացի ճանաչման, ժխտումը քրէականացնելու մասին, այլ նաեւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու հատուցման մասին:
«Սա Թուրքիան էլ է հասկանում եւ միւս երկրներն էլ, բայց կարեւոր է ամրագրել, որ մենք պահանջներ ունենք Թուրքիայից: Ցեղասպանութեան 100ամեակի ուղղութեամբ արդէն սկսել ենք ակտիւ միջոցառումներ եւ արդէն իսկ քաղաքական որոշ տրամադրութիւն ենք ստեղծել: Դրա վկայութիւնը Թուրքիայի կողմից արուող այն քայլերն են, որոնցով փորձում են հակադարձել», ըսած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ այսօր կա՞յ այն հենքը, որուն շնորհիւ աննախադէպ պիտի դառնայ 2015ը Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրի լուծման համար՝ Մանոյեան ըսաւ. «Նոյնիսկ մի քանի տարի առաջ կար ակնկալիք, որ մեծ բան պէտք է կատարուի եւ եթէ չկատարուի, բոլորը կը հիասթափուեն: Մենք անցած տասնամեակներին այնքան առաջ ենք գնացել այս հարցում, որ նոր պայթիւն ակնկալելը ճիշդ չէ: Այսօր յայտնի է բոլորին, որ Թուրքիան ցեղասպանութիւն է գործել ու ատելութիւն ունի հայ ժողովրդի նկատմամբ»:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ այսօր կոչեր կ՛ուղղուին հայութեան՝ 24 Ապրիլին Պոլսոյ մէջ համախմբուելու եւ հո՛ն յիշելու զոհերը՝ Մանոյեան դիտել տուաւ, որ 2015ին կարեւոր է ոգեկոչման արարողութիւններ կայացնել ամէնուր. «Ստամբուլում միշտ էլ ոգեկոչման արարողութիւններ տեղի են ունեցել: Բայց, ի հարկէ, յաջորդ տարի Թուրքիայում արարողութիւններ իրականացնելը յատուկ նշանակութիւն կ՛ունենայ, բայց կարեւոր է, որ ճիշդ պատգամ փոխանցեն Թուրքիայի հասարակութեանը, թէ հայութիւնը ինչ է պահանջում»:
Անդրադառնալով հայութեան պահանջներուն՝ Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ տակաւին 2007 թուականին ՀՅԴ Բիւրոն պատուիրած է մասնագէտներու խումբին մշակել այդ պահանջները. «2010թ. առաջին նախագիծը հրապարակեցին, որտեղ հինգ կարեւոր պահանջներ էր ամրագրուած՝ ճանաչում, հատուցում, Թուրքիայի օրէնսդրական փոփոխութիւններ, որոնք կը նպաստեն հակահայ քաղաքականութեան վերացմանը, հաւաքական վնասի հատուցում եւ տարածքային խնդիրներ: Տարածքային խնդիրների լուծման համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը հետ կանչի հայ-թուրքական արձանագրութիւնները»:
Ըստ Մանոյեանի՝ ատրպէյճանական կողմէ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ զինադադարի դրութեան յաճախակի խախտումներուն իբրեւ հետեւանք հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ ոչ միայն յառաջընթաց չէ արձանագրուած, այլ Ատրպէյճանի պատճառով նահանջի մէջ է անիկա։
Անոր համաձայն՝ այս տարի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան իմաստով 3 կարեւոր իրադարձութիւն տեղի ունեցած է. «Առաջինը, բնականաբար, Եւրասիական տնտեսական միութեանը Հայաստանի անդամակցութիւնն է, սակայն այդ բոլոր գործընթացները պէտք է դիտարկել նաեւ ուկրաինական իրադարձութիւնների ֆոնին: Երկրորդը՝ ադրբեջանական կողմից հրադադարի ռեժիմի յաճախակի խախտումներն ու տարբեր դիւերսիոն գործողութիւններն են, որոնք բաւականին լարուած իրավիճակ են ստեղծել: Դրա հետեւանքով առաջընթաց ոչ միայն չի գրանցուել, այլ աւելի շուտ, Ադրբեջանի մեղքով մենք ունենք յետընթաց: Եւ երրորդ կարեւոր իրադարձութիւնը, որը անմիջականօրէն կապուած չէ Հայաստանի հետ, թէեւ կարելի է ասել, որ տեղի է ունենում մեր տարածաշրջանում, Սիրիայի իրադարձութիւններն են, մասնաւորապէս, մարտահրաւէրները, որոնց բախւում է այդ երկրի հայ համայնքը»:
Անդրադառնալով 2015ի Ապրիլ 24ին Հայաստան այցելելու առնչութեամբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ուղղուած հրաւէրին՝ Մանոյեան ըսաւ, որ ատիկա հիմնականին մէջ մարտահրաւէր էր այն տեսակէտէ, որ եթէ Թուրքիան իրապէս կը կարծէ, թէ իբր թէ պէտք է քննարկել պատմական իրադարձութիւնները, ապա անոնց նախագահը պէտք է Հայաստան գայ եւ տեսնէ՝ թէ հայերը ինչպէ՛ս կ՛արձագանգեն այդ բոլորին։
Անոր համաձայն՝ այն փաստը, որ Թուրքիան մինչեւ օրս չի խոստովանիր, որ նման հրաւէր եղած է, ցուցանիշ է այն իրողութեան, որ թրքական կողմը նման քայլի չէր սպասեր. «Կարծում եմ, կարեւոր է, որ թուրքական հանրութեան ներկայացուցիչները մասնակցութիւն են ունեցել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակի միջոցառումներին»:
ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի եւ քաղաքական հարցերու ղեկավարը չբացառեց, որ Թուրքիան որոշ քայլերու ձեռնարկէ՝ հայկական նախաձեռնութիւններուն հակազդելու համար. «Մենք պէտք է պատրաստ լինենք դրան եւ հետեւապէս, պէտք է մթնոլորտ ստեղծենք, որը կը բացայայտի՝ ինչ մենք նկատի ունենք՝ խօսելով ճանաչման եւ փոխհատուցման մասին»: