ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայ հետազօտողները հրատարակած են «Հայաստան» եռալեզու ալպոմը, որուն մէջ զետեղուած են տեղեկութիւններ եւ լուսանկարներ տասնեակ բերդերու, վանքերու, կամուրջներու մասին, որոնց գոյութիւնը նախապէս նոյնիսկ գիտցուած չէր: 10 Դեկտեմբերին՝ գիրքի երկրորդ հրատարակութեան լոյս ընծայման առիթով լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի նախագահ, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան:
Ալպոմի 484 էջերուն մէջ ամփոփուած են տեղեկութիւններ Մեծ Հայքի ամբողջ տարածքի բնութեան եւ յուշարձաններուն մասին՝ սկսեալ նախապատմական շրջանէն մինչեւ 20րդ դարու սկիզբը: «Բոլոր աշխատութիւնները, գրքերը, որոնք նպաստում են հայրենաճանաչութեան խորացմանը, մեր հիմնադրամի ծրագրային բաղադրիչներից են: Սա ալբոմ է եւ ոչ թէ գիտական աշխատութիւն, քանի որ այն չի ներառում չափագրութիւններ, սակայն իր նիւթի ընդգրկումով բացառիկ հարուստ է։ Գրքում նաեւ զետեղուած են ոչնչացած բերդերը, կամուրջները: Սակայն այստեղ կայ մինչեւ մեր օրերը պահպանուած Վանի Թագաւորութեան սեպագիր արձանագրութիւնների յայտնաբերման վայրերի քարտէզ, որ նոյնիսկ սեպագիր արձանագրութիւնների վերծանութիւնները ներկայացնող բազմահատորակներում ներկայացուած չի եղել», ըսած է Սամուէլ Կարապետեան:
Յուշարձանագէտը տեղեկացուցած է, որ, ի տարբերութիւն առաջին հրատարակութեան, նորին մէջ ներկայացուած են նաեւ պարսկահայ գաւառները եւ նախապէս չներկայացուած պատկերաքանդակներ, վիմափոր, ութխորան, խաչաձեւ գմբէթաւոր եկեղեցիներ, որոնք մեծաւ մասամբ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքէն են:
«Օրինակ, Ստեփանոս Տարօնեցին (Ասողիկ) յիշատակում է, որ Կարսի Աբաս թագաւորի մայրը գնաց Թրին անապատ ճգնելու, բայց իր աշխարհագրական տեղագրութիւնը յայտնի չէր: Եւ այս տարուայ Յուլիսին ճամբորդութեան ժամանակ սարիղամիշի մերձակայ անտառներում, տեղացիների առաջնորդութեամբ, յայտնաբերեցինք Թրին վանքը: Յիշւում էր, որ այն վիմափոր էր, մեծ քարի մէջ, որը արտաքուստ շատ անշուք տեսք ունէր: Եւ մինչ այժմ թէ՛ գիտական, թէ՛ ալբոմային տպագրութիւններում դրանք զետեղուած չէին», աւելցուցած է Սամուէլ Կարապետեան:
Գիրքը կ՛ընդգրկէ առաւել քան 1300 լուսանկար, որոնց մեծամասնութեան հեղինակը Սամուէլ Կարապետեանն է, ինչպէս նաեւ մօտ 100 լուսանկարներ, որոնց մէկ մասը կը պատկանի 20րդ դարու սկիզբի լուսանկարիչներուն:
Գիրքը լոյս տեսած է հազար օրինակով՝ «Գազպրոմ»ի պատուէրով եւ նախատեսուած չէ վաճառքի համար, սակայն Սամուէլ Կարապետեան վստահեցուցած է, որ օրինակներ պիտի տրամադրուին բոլոր գրադարաններուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.