ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի աշակերտները տարբեր երկիրներու, մշակոյթներու եւ աւանդութեանց ծանօթացնելու նպատակով, Նոյեմբեր 17-21 շաբաթը հռչակուած էր «Միջազգային Շաբաթ», որուն ընթացքին իրագործուած են զանազան միջոցառումներ։
Նոյեմբեր 18ին, վարժարան այցելած են արեւելեան մարտարուեստի կեդրոնի մը մարզիչները, իսկ Նոյեմբեր 20ին՝ պրազիլական մարտարուեստի մասին նեկայացում մը կատարուած է։
Նոյեմբեր 21ին տեղի ունեցած է աշակերտական հանդէսը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր դասարան, պարերով, երգերով, պատմական տեղեկութիւններով ու ճաշատեսակներով ներկայացուցած է երկիր մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.