ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Իսրայէլեան օդուժը Կիրակի, Դեկտեմբեր 7ին, Դամասկոսի միջազգային օդակայանին մօտ գտնուող երկու պահեստանոցներ եւ Լիբանանի հետ սահմանին մօտ գտնուող Տիմասի մէջ երկու շրջան հարուածած է: Ըստ տեղեկութեանց՝ իսրայէլեան ռմբաձիգները ընդհանուր առմամբ 10 յարձակումներ գործած են: Իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը նաեւ թռիչքներ կատարած են Տարաայի եւ Քնէյթրայի վերեւը:
Սուրիական պաշտօնական աղբիւրներ յայտնեցին, որ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:
Ըստ «Լուպնան 24» կայքին եւ լիբանանեան «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին՝ իսրայէլեան յարձակումները թիրախ դարձուցած են զէնքեր, որոնք Լիբանան կ՛ուղղուէին:
Նշենք, որ իսրայէլեան օդանաւերը ամբողջ օրը հարաւային Լիբանանի եւ Սուրիոյ հետ Լիբանանի սահմանին վերեւը թռիչքներ կատարած են:
Սուրիական բանակի սպայակոյտը իսրայէլեան յարձակումները նկատեց Սուրիոյ գերիշխանութեան բացայայտ բռնաբարում, ինչպէս նաեւ՝ ահաբեկիչներուն աջակցութիւն:
Իսրայէլեան իշխանութիւնները մերժեցին մեկնաբանել այս լուրը: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10րդ կայանը օդային հարուածներուն լուրը հաղորդեց՝ վկայակոչելով արտասահմանեան լրատուամիջոցներ, իսկ 2րդ կայանը հաղորդեց, թէ իսրայէլեան պաշտօնական աղբիւրներ մերժած են մեկնաբանել լուրը:
Իրան եւս դատապարտեց յարձակումը, իսկ Ռուսիա այս մասին բացատրութիւն պահանջեց Իսրայէլի իշխանութիւններէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.