Շատ բնական թուացող զգացումներէն մէկն է նախանձը, որուն տարբեր աստիճաններուն մասին յաճախ խօսուած է ու գրուած: Սակայն այն այրուածքին մասին, որ անիկա կը պատճառէ, միայն զգացողը կրնայ պատմել, տրուած ըլլալով, որ սիրտի ներքին ծալքերուն վրայ եղած այրուածքին քանիերո՞րդ աստիճանի ըլլալը արտաքնապէս տեսանելի չ՛ըլլար մեզի:
«Բնական» թուացող նախանձը պաշտպանողներէն շատեր, ատոր մէջ կը տեսնեն մարդկային ընկերութեան յառաջդիմելու գաղտնիքը: Իսկ ամէնէն փոքր նախանձին անգամ հանդուրժելու դժուարութիւն ցուցաբերող անձեր, ատոր մէջ կը տեսնեն արմատը չարիքին, որ աճելով կը մեծնայ ու մինչեւ իսկ ոճիրներու դուռ կը բանայ:
Աստուածաշնչական բացատրութեամբ գեհենը, մեր հասկցած դժոխքն է, ուր պիտի նետուին իրենց կեանքը չար գործերով անցուցած մարդիկ: Իցի՜ւ թէ անոր հուրը ընդմիշտ բորբոքած մնար, կամ անսպառ ըլլար, որպէսզի կարենար առյաւէտ տանջել մարդոց վնաս հասցուցած եւ անոնց կեանքը տանջանքի վերածած անձերը:
Տանջանքի այս վայրի փոփոխութեան մասին մասնաւոր տեղեկութիւններու չենք հանդիպիր: Այսինքն՝ քրիստոնէական դարաշրջանին եւս ատիկա ներկայացուած է նոյնպէս կրակով միշտ բորբ եւ ահով լեցուն այն վայրը, ուր իրենց վերջնական պատիժը պիտի կրեն չարեր, ի զո՜ւր երանի տալով անոնց, որոնք ճիշդ հակառակը՝ իրենց կեանքը լեցուցած ըլլալով բարի ու արդար գործերով, յաւիտենական հանգիստ պիտի վայելեն Աստուծոյ արքայութեան մէջ:
Գեհենի վայրը, սակայն, փոխաբերական իմաստով կարելի է տեղափոխել եւ հաստատել սիրտին ու հոգիին մէջ այն մարդոց, որոնք նախանձէ կը տառապին տիւ եւ գիշեր: Սա սովորական իմաստով ըմբռնուած նախանձը չէ, որուն ակնարկեցինք քիչ վերեւ: Այլ՝ ամէն վայրկեանի եւ ամէն ինչի համար ցուցաբերուող անբնական չար զգացումը, որ ճիշդ նման է գեհենի անվերջանալի կրակին:
Զարմանալի չթուայ սակայն, որ այդ «ամէն ինչի համար ցուցաբերուող նախանձի սահմաններուն մէջ կ՛իյնան նաեւ մեր գործածած կահ կարասիները, հագած հագուստը, ունեցած գրիչը, կախած վզնոցը, եթէ նոյնիսկ ծեր ենք՝ մեր ձեռնափայտը, օգտագործած անուշահոտը, ունեցած պայուսակը եւ աւելի «թանկարժէք» շարք մը իրեր:
Վերոյիշեալ նիւթերուն նախանձելու այս աստիճանին վրայ կը գտնուին քանի մը խումբի մարդիկ՝ ա. իրենց մանկութիւնը դժբախտութեամբ ապրածներ, բ. աղքատութեան ու այլ պատճառներով չտես դարձածներ, եւ գ. գիւղաքաղաքներէ եկածներ կամ գաւառցիներ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ վերոյիշեալ իրեղէնները օգտագործողներ կրնան շատ աւելի ոգեղէն արժէքներու տէր ըլլալ կամ իմացական աւելի բարձր մակարդակ նուաճած, սակայն յիշուած երեք խումբի մարդիկ չեն կրնար այդ ամէնը նկատել: Իրենց հետաքրքրութեան սահմաններուն մէջ կը մտնեն միայն իրենց չունեցածները: Իսկ անոնց չունեցած իմացական «հարստութեան» մասին կարելի՞ է միթէ առարկութիւն ընել: Որովհետեւ այդ երեք խումբի մարդիկը իրենց միտքէն բնա՛ւ չեն կրնար անցընել, թէ իրենցմէ աւելի փայլուն իմացականութեան տէր անձեր կրնան գտնուիլ աշխարհի երեսին: Դժբախտ մանկութեամբ, չտես ու գաւառէն քաղաք հասած մարդը միշտ կը ջանայ իր ստորակայութեան բարդոյթը թօթափել եւ այդ ճիգին մէջ անգիտակից ստիպողութեամբ մը ամբարտաւան կը դարձնէ իր անձը: Այլեւս ան չի՛ կրնար տեսնել իր շրջապատին մէջ իրմէ աւելի կատարեալ մարդ:
Վերեւը նշուած երեք խումբի մարդոցմէ առաջինները՝ դժբախտ մանկութիւն ունեցածներ, երբեմն պոռթկումով կ՛արտայայտեն իրենց տարիներու հոգեկան ցաւը, երբ մանաւանդ տեսնեն ուրախ երեխաներ, իրենց ծնողներու գուրգուրանքէն յղփացած: Նախանձի գեհենն է, որ կը բորբոքի այդ պահուն իրենց հոգիին խորը: Այդ կրակին վնասը, սակայն, իրե՛նք կը կրեն, որովհետեւ անոր «ջերմութիւն»ն ու «այրուածք»ը ո՛չ ոքի կը հասնի, բայց միա՛յն իրենց:
Չտեսներու փաղանգին մաս կը կազմեն ո՛չ միայն աղքատներ, այլ՝ աղքատութենէ բարձրացած ու ապա հարստացած մեծ թիւով «դժբախտներ»: Դժբախտ կոչեցինք այդպիսիներ, իրաւա՛մբ, որովհետեւ անոնք բնա՛ւ հարուստ պիտի չդառնան իրենց կեանքին ընթացքին, որքան ալ ոսկիէ դէզերու վրայ պառկին, այլ՝ միշտ հոգեպէս աղքատ պիտի մնան: Նախանձի գեհենն է պատճառը անոնց յաւիտենական աղքատութեան: Անոնք բնա՛ւ չեն սորվիր այդ կրակը մարելու արուեստը: Իսկ սերունդէ սերունդ հարստութիւն ունեցած գերդաստաններու մօտ զգալի կ՛ըլլայ նկարագիրի ազնուական գիծ մը, որուն պահպանութեան հետամուտ ըլլալու պէտք չունին անոնք: Ատիկա բնական զգացում մըն է իրենց մէջ, եւ նախանձի գեհենի դուռը միշտ փակ պահուած կ՛ըլլայ անոնց դիմաց:
Վերջապէս, գիւղաքաղաքներէ ու գաւառներէ դէպի քաղաք հոսած ամբոխին անհատական կեանքը ամբողջ կը վերածուի ամէնօրեայ տագնապի, երբ անոնք մրցավազքի կը մտնեն իրենց համար նորութիւն եղող ամէն երեւոյթ հասկնալու եւ ամէն նորոյթ ունենալու համար: Այս երրորդ խումբի մարդոց մօտ երբեմն մինչեւ անգամ խելագարութիւն տեսնուած է: Ասոնք հարուստներու հետ բարեկամ ըլլալը կը շփոթեն հարուստ ըլլալուն հետ, եւ անոնց տուած բարեւն ու յարգանքը կը կարծեն, թէ դրամի կը վերածուի իրենց ծակ գրպաններուն մէջ… Այսպիսիներ շուտով կ՛ընդօրինակեն հարուստներու հաճոյքները՝ արտաքին տեսանելի բոլոր ձեւերով, որոնք եթէ հարուստներու բնական կենցաղակերպին մաս կը կազմեն, իրենց պարագային կը վերածուին բռնազբօս շարժումներու կամ շփացած մանուկներու վարուելակերպին նման անդաստիարակ կենցաղի:
Այս վերջին պարագային իր ամէնէն ծծմբային հրահրումներով կը ճարճատի նախանձի գեհենը, որուն կայծերը կրնան հրդեհել մինչեւ հեռաւոր երկիրները, ուր իրենց կեանքով ու աշխատանքով կանաչ մարգագետիններ աճեցուցած մարդիկ, հանգիստ կու տան տարիներո՜վ մխիթարութեան կարիք ունեցող ծանրաբեռն հոգիներու:
Վերոյիշեալ բոլոր պարագաներուն ողբերգական դրութիւն կը ստեղծուի այն ատեն միայն, երբ նախանձի գեհենը մարելու կոչուած մեծահռչակ ու փորձառու «հրշէջներ»ը իրե՛նք յաւելեալ վառելանիւթով կը հրահրեն փայլուն կրակը, նաեւ համոզելով այրուողին, թէ այդ փայլքը ոսկիի փայլք է եւ ո՛չ թէ մարդու հոգին ճենճերող ու ի վերջոյ սպառող յաւիտենական կրակ…
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.