ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան Լիբանանի սանուց միութեան, Կիրակի, 30 Նոյեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն մը՝ նուիրուած «Գոհար» համոյթի երկար տարիներու վաստակաշատ խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար մայէսթրօ Սեպուհ Աբգարեանին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետօղլեան» սրահին մէջ:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան քայլերգով, «Գոհար» համոյթի ներկայ եւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան տարբեր տարիներու շրջանաւարտներու կատարողութեամբ:
Յաջորդաբար, հանդիսատեսը դիտեց տեսարիզ մը, ուր զետեղուած էին մայէսթրոյին փայլուն գործունէութենէն պատկերներ եւ անոր անմահ ստեղծագործութիւններէն կտորներ: Տեսաերիզին մէջ կային մայէսթրոյի ձայնագրուած խօսքերը։
Բացման խօսքը արտասանեց Արմէն Իւրնեշլեան, որ մէջբերելով Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալիեմեզեանի արտասանած մայէսթրոյի դամբանական խօսքէն բաժին մը՝ շեշտեց, թէ Խաչատուրեան ընտանիքը եւ Սեպուհ Աբգարեան զիրար կ՛ամբողջացնեն: Ան նաեւ հաստատեց, որ մանկավարժ, կրթական մշակ Աբգարեան միայն ոգի կը պահանջէր, որ մինչեւ օրս մնացած է մելգոնեանականներուն մէջ: Սեպուհ Աբգարեան նաեւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ ունեցած է 47 տարուան մանկավարժական վաստակ եւ եղած է խմբավար:
Սոյն հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինին մասնակցող նուագողներէն եւ երգողներէն շատեր եղած են «Գոհար»ի անդամ եւ թրծուած՝ մայէսթրօ Աբգարեանի շունչին տակ:
Նշենք, թէ հանդիսութեան ընթացքին բաժնուեցաւ «Մեր Մայէսթրօն» գրքոյկը, որ դարձեալ կը բովանդակէր Աբգարեանի նուիրուած յիշատակի խօսքեր եւ անոր ցայտուն գործունէութենէն պատկերներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.