ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Իսկ աննշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՛հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ»:
Պետրոս Դուրեան
Յիշատակդ չի թառամիր, սիրելի՛ Սագօ, թէկուզ 3 տասնեակ տարիներ անցած են մահուանդ տխուր եւ հայութիւնը ցնցած օրէն:
Խումբ մը ճեմարանականներ եւ զաւարեանական ընկերներ այսօր եկած ենք շիրիմիդ վրայ խունկ ծխելու: Այո՛, չենք մոռցած քեզ. մեզի համար ներելի չէ մոռնալ քեզի նման նուիրեալ դաշնակցական ընկեր մը:
Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ 30 տարիներ առաջ մեզմէ յաւերժ բաժնուած նուիրեալ ընկեր մը: Նոր Տարուան տօնական օրերու նախօրեակին էր, ձգելով կին ու զաւակներ, կուսակցական կարեւոր գործով եկար այս հեռաւոր ափերը ու… չվերադարձար: Մահուանդ գոյժը հասաւ ընտանիքիդ, նաեւ՝ մեծ ընտանիքիդ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
«Մահդ Դաշնակցութեան մեծ ցաւ պատճառեց
Եւ ընտանիքիդ ալ սիրտը խռովեց»:
Քեռիի յիշատակին նուիրուած երգը անգամ մըն ալ երգեցինք քու յիշատակիդ:
Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Ազգային Սուրբ Նշան վարժարանին մէջ, երկրորդական ուսումը շարունակած էր Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ եւ վարելով Լսարանական միութեան ատենապետի պաշտօնը՝ պատանի տարիքին անոր մէջ ի յայտ եկած էր ղեկավարելու բացառիկ կարողութիւնը:
Բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Պէյրութի ԱԼՊԱ (Academie Libanaise des Beaux Arts) համալսարանին մէջ, ուրկէ վկայուած էր որպէս ճարտարապետ:
Անդամակցած էր ՀՄԸՄի սկաուտական շարքերուն՝ վարելով խմբապետի պաշտօններ:
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան տարիներուն դարձեալ վարած է ատենապետի պաշտօնը:
Անցնելէ ետք ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը, եղած էր «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութեան անդամ:
Մասնակցած էր ՀՅԴ 21րդ եւ 22րդ Ընդհանուր ժողովներուն: Ընտրուած՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ստանձնած՝ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուի պաշտօնը:
Ամուսնացած էր Նշան Փալանճեան Ճեմարանէն իր դասընկերուհի Զուարթ Սիւրմէլեանի հետ եւ ունեցած էր մանչ մը եւ դուստր մը:
Իբրեւ ճարտարապետ՝ պատրաստած էր Անթիլիասի ճեմարանի առաջին մասնաշէնքին յատակագիծը, սակայն աւա՜ղ, համալիրը կառուցուեցաւ իր վաղաժամ մահէն ետք, եւ իր աչքերով չտեսաւ արդիւնքը իր արդար հպարտութեան:
Ընկերացանք, սակայն չմտերմացանք իրեն հետ:
Մեզմէ տարբեր էր: Մենք ազգայնասէր էինք, ինք՝ ԱԶԳԱՅՆԱՄՈԼ:
Մեր պատանեկութեան խենթ տարիներն էին, եւ այդ տարիքին, գրեթէ բոլորս, տարուած էինք «Պիթըլզ»ներով ու Էլվիս Փրեսլիով, սակայն ինք մեզմէ աւելի հասուն էր: Տարուած էր Քրիստափորով, Ռոստոմով ու Զաւարեանով: «Շուքը ծանր» էր եւ՝ յարգանք պարտադրող անհատականութիւն մը, որ օժտուած էր ղեկավարելու յատկութեամբ:
Բառին իսկական առումով, նուիրեալ դաշնակցական մըն էր, եւ իր մէջ կ՛արտացոլար ապագայ ղեկավարը:
Ուսանողական օրերէն արդէն ստանձնած էր յանձնառու պաշտօններ, ապա դարձած՝ տիպար ու անշահախնդիր կուսակցական եւ եղած էր տարիքով ամէնէն երիտասարդ Բիւրոյի անդամներէն մէկը: Ստանձնելով ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի վարիչի պաշտօնը՝ եղած է ՀԵԴի անդամներուն սիրելին: «Կայծեր» պարբերաթերթը շատ բան կը պարտի Սագոյին:
1971ին Պիքֆայայի քայլարշաւին միտքն ու ոգին ի՛նք էր:
Ամէն տեղ էր՝ միշտ մնալով շուքի մէջ, ինչպէս վայել է իսկական խոնարհ հերոսի մը:
Խումբ մը ճեմարանական եւ զաւարեանական ընկերներդ՝ եկած ենք մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու, սիրելի՛ Սագօ: Կանգնած ենք Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր հողին վրայ, սակայն մեր յուշերով կը վերադառնանք Լիբանանի մէջ անցուցած մեր պատանեկութեան տարիները. կը յիշենք մեր երջանիկ ու խենթ ժամանակները, զաւարեանական օրերը, Պիքֆայայի քայլարշաւը եւ… մեր լիբանանեան բանակի փորձերու օրերը, երբ զինուորական ինքնաշարժներով մեզ կը տանէին «Շամունի դաշտ», մենք բոլորս կատակելով ու աղմկելով, իսկ դուն՝ անկիւն մը քաշուած, լուռ… Աստուած գիտէ՝ ի՜նչ ծրագիրներ կը մշակէիր:
Սիրելի՛ Սագօ,
Ծննդավայրէդ ու մայր հայրենիքէն հեռու, օտար հողին յանձնուած աճիւններդ այսօր շրջապատուած են քեզ սիրող ու յարգող ընկերներովդ:
Խունկ ու մոմ՝ քու անմար յիշատակիդ:
Լոս Անճելըս, 2014