Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2014ին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանն ու Ազգային վարչութեան անդամ Զարեհ Փօլատեանը այցելեցին Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց ճեմարան, խրախուսեցին աշակերտութիւն եւ հանդիպում ունեցան ճեմարանի տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ։ Անոնք զրուցեցին վարժարանի ուսումնակրթական ընթացքին, դժուարութիւններուն եւ աշակերտներուն ընդհանուր վիճակին մասին։ Սրբազան հայրը յորդորեց զանոնք՝ մշտանորոգ թափով ու կորովով լրումին հասցնելու ուսումնական տարին եւ խաղաղութիւն մաղթեց սուրիական հայրենիքին ու Քեսապին՝ բարձր գնահատելով աշակերտներուն հետեւողական ընթացքը։
Սրբազան հայրը շեշտեց, որ ամ-բողջ հայութիւնը ամբողջականօրէն զօրավիգ կը կանգնի սուրիահայ վարժարաններուն եւ աշակերտութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.