
Ամէն ինչի մէջ քիչ մը, երբեմն ալ՝ շատ ուշացած ենք:
Օսմանեան հայերու բնաշխարհը վերականգնելու ծրագիր-«Յուշամատեան»ի խմբագրութիւնը կը յուշէ մեզ աշխատանք մը, զոր մեր շրջանին մէջ ցարդ չենք տարած ու Աստուած գիտէ, թէ որքա՛ն անվերականգնելի կորուստ ունեցած ենք արդէն։
Արդարեւ, մեր շրջանէն ոչ մէկ հաստատութիւն, ոչ մէկ կեդրոն, ոչ մէկ միութիւն մտածած է անհատներու մօտ գտնուող իրենց նախնիներու լուսանկարները, անտիպ յուշերը, վաւերաթուղթերը, յիշողութեան առարկաները հաւաքելու եւ զանոնք պահպանելու գործը ստանձնել:
Պերլինի մէջ գործող «Յուշմատեան»ի խմբագրութիւնը նախաձեռնած է այս աշխատանքին Ֆրանսայի մէջ, ուր իրեն ձեռք երկարած է Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Փարիզի «Նուպարեան» գրադարանը:
Կ՛իմանանք, որ Փարիզի մէջ «Յուշամատեան»ի կազմակերպած ձեռնարկի մը ընթացքին, 30ի չափ անձեր ներկայացած են՝ իրենց հետ բերելով Ակնէն, Սթանոսէն, Պաֆրայէն, Պոլուէն, Սիսէն, Օրտուէն, Կեմերէքէն, Պոլիսէն եւ այլ վայրերէ լուսանկարներ եւ պատմական նշանակութիւն ունեցող իրեր ու փաստաթուղթեր: «Յուշամատեան»ի խումբը զանոնք տեղւոյն վրայ թուայնացուցած է կամ լուսանկարած:
Հաւանաբար, «Յուշամատեան»ի խմբագրութիւնը արդէն իսկ ձեռնարկած է մեր շրջանին մէջ համագործակցող միութիւն մը կամ կեդրոն մը փնտռելու:
Մատի վրայ հաշուըւող հայկական թանգարանները լաւագոյն թեկնածուները կրնան ըլլալ, եթէ պատրաստ են հաւաքելու, լուսանկարելու եւ ըստ ներկայացուած նիւթի արժէքին՝ ճշդելու անոր պահպանման լաւագոյն վայրը՝ Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարան, Պետական արխիւ, Ակադեմիա, թէ այլ:
Եթէ հնարաւորութիւն ունենար, «Ասպարէզ»ը սիրով կը ստանձնէր այդ պարտականութիւնը:
«Յուշամատեան»ի հետ կրնաք կապուիլ՝ գրելով
houshamadyan@gmail.com հասցէին: