ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20ին այցելեց Պաղտատ, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ իրաքցի բարձրաստիճան պաշտօնակիցներու հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի վերջին իրադարձութիւնները. քննուեցան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները։
Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի եւ նախագահ Ֆուատ Մաասում յոյս յայտնեցին, որ աւելիով կը սերտանան Թուրքիոյ հետ կապերը, յատկապէս՝ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկչութեանց դէմ դնելու գծով:
Տաւութօղլու յայտնեց, թէ Թուրքիա ամէն ձեւով պիտի զօրակցի Իրաքին՝ դիմակալելու համար «Իսլամական պետութեան» սպառնալիքը:
Մինչ այդ, «Իսլամական պետութիւն»ը Հինգշաբթի երեկոյեան հրապարակած յայտարարութեամբ ստանձնեց Նոյեմբեր 19ին, Իրաքի Քերքուք նահանգին մէջ իրականացուած ահաբեկչական գործողութեան պատասխանատուութիւնը: Այդ գործողութեան զոհ գացած էին չորս հոգի եւ ընթացքին արձանագրուած էին վիրաւորներ ու նիւթական վնասներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.