
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստանի եւ Կիպրոսի ժողովուրդները կը միաւորուին անքակտելի կապերով, որոնք հիմնուած են ընդհանուր փորձութիւններու եւ երկու ժողովուրդներու անցած պատմական ուղիին վրայ»: Ազգային ժողովի սրահին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Եաննաքիս Օմերուն: «Նկատի առնելով, որ երկու պետութիւնները իրենց պատմութեան ընթացքին անցած են մեծ փորձութիւններու միջով՝ մենք վճռական ենք շարունակելու մեր պայքարը», հաստատած է ան:
Ան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Կիպրոսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնց հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը:
Այնուհետեւ Եաննաքիս Օմերուն անդրադարձած է Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի տարածքներու գրաւման հարցին: Ան ընդգծած է, թէ արդէն շուրջ 40 տարի է, որ Կիպրոսի տարածքին մէկ մասը կը գտնուի Թուրքիոյ ռազմական բռնագրաւման տակ: «Անօրինական կերպով Կիպրոսի տարածքին 37 տոկոսը կը գտնուի Թուրքիոյ բռնագրաւման տակ, եւ, հակառակ ՄԱԿի ընդունած համապատասխան բանաձեւերուն, Թուրքիան չ՛ուզեր ճանչնալ այդ իրողութիւնը: Վերջերս նաեւ ներխուժած է Կիպրոսի բացարձակ տնտեսական գօտի՝ խախտելով 1992ի ՄԱԿի կողմէ ընդունուած ծովուն վերաբերող համաձայնագիրը: Այդ իսկ պատճառով մենք պարտադրուած էինք դուրս գալ բանակցութիւններէն՝ Կիպրոսի հիմնախնդիրի շուրջ, որովհետեւ անկարելի է շարունակել բանակցութիւնները սպառնալիքի եւ վախի մթնոլորտի մէջ», ընդգծած է ան:
Եաննաքիս Օմերուն շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար՝ վստահութիւն յայտնելով, որ այցելութիւնը ուրոյն դերակատարութիւն պիտի ունենայ երկու երկիրներու կապերու ամրապնդման մէջ։
Նոյն օրը Եաննաքիս Օմերուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի եւ Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավար-գլխաւոր քարտուղար Հրայր Թովմասեանի ուղեկցութեամբ այցելած են Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Անոնք ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղած են 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած են մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը: Հիւրերը նաեւ այցելած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ։