ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերը Քոպանիի քաղաքապետարանին եւ քաղաքի կեդրոնի շրջանին մէջ իրականացուցած են գործողութիւն մը, որուն ընթացքին յաջողած են վերահսկողութիւն հաստատել վեց շէնքերու վրայ, ուր ամրապնդուած դիրքեր ունէին իսլամ ծայրայեղական զինեալները:
Դիտարանը նշեց, որ նշեալ գործողութեան ընթացքին սպաննուած են 13 ծայրայեղական զինեալներ, իսկ քիւրտ զինեալները յաջողած են գրաւել մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք։
Միւս կողմէ, ապահովական մարզի թուրք բարձրաստիճան աղբիւր մը «Հիւրրիյէթ»ին յայտնած է, որ «Սուրիական ազատ բանակ»ը դադրեցուցած է Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաք Հալէպի մէջ կռիւը եւ իր 14,000 զինեալները հեռացուցած է քաղաքէն:
Աղբիւրը հաստատեց, որ «Սուրիական ազատ բանակ»ի ղեկավար Ճամալ Մաարուֆ փախուստ տուած է դէպի Թուրքիա, ուր ներկայիս «կը հիւրընկալուի եւ կը պաշտպանուի թրքական պետութեան կողմէ»: Աղբիւրը փախուստին ճշգրիտ թուականը չէ հաղորդած, սակայն նշած է, որ այդ մէկը տեղի ունեցած է վերջին երկու շաբթուան ընթացքին:
Այս իրադարձութեան պատճառով, «Սուրիական ազատ բանակ»ը կորսնցուցած է իր վերահսկողութիւնը Թուրքիոյ հետ Պապ Հաուա սահմանային անցքին, որուն այժմ կը տիրէ «Ահրար Շամ» խմբաւորման ղեկավարութեամբ փոքր խմբաւորումներու տկար դաշինք մը:
Աղբիւրը յայտնած է, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարող միջազգային դաշինքին կողմէ «Սուրիական ազատ բանակ»ին տրուած կարգ մը զէնքեր կրնան անցած ըլլալ «Ահրար Շամ»ի եւ «Քայիտա»ի սուրիական թեւին՝ «Ճապհաթ Նուսրա»ի ձեռքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.