ԵՐԵՒԱՆ.– 18 Նոյեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնը:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 12 Նոյեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ ջախջախուած ուղղաթիռի անձնակազմի ճակատագիրը պարզելու եւ դիակները վերադարձնելու ուղղութեամբ միջազգային ջանքերը համակարգելուն ուղղուած հնարաւոր քայլերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.