ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Երեւանի մէջ սկսած է Թատրոնի միջազգային հիմնարկի (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) 34րդ համաշխարհային համաժողովը՝ «Նոր ձայներ, նոր հանդիսատես. ժամանակն է երկխօսութեան» կարգախօսով: Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ ասիկա աննախադէպ ժողով է, որուն կայացումը մեծ իրադարձութիւն պիտի դառնայ մեր մշակութային եւ քաղաքական կեանքին մէջ:
Հայաստան եկած է շուրջ 300 պատուիրակ Ասիայէն, Եւրոպայէն, Լատինական Ամերիկայէն եւ Ափրիկէէն: Կը նախատեսուի, որ համաժողովին ընթացքին կայանան միջազգային պարային եւ թատերական նախագիծեր, վարպետութեան դասընթացքներ, շնորհահանդէսներ, տարբեր կարգի հանդիպումներ եւ այլն: Երեկոյեան ժամերուն պատուիրակները, իրենց նախընտրութեամբ, ներկայացումներ պիտի դիտեն հայաստանեան թատերասրահներուն մէջ, պիտի ծանօթանան Հայաստանի թատերական գործիչներուն: Համաժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ 22 Նոյեմբեր:
Միջազգային թատերական հիմնարկը աշխարհի մէջ կատարողական արուեստի մեծագոյն կազմակերպութիւնն է: Ունի մօտաւորապէս 100 կեդրոն եւ կազմակերպութեան անդամներ աշխարհի ամբողջ տարածքին: Միջազգային թատերական հիմնարկի ծրագիրները գեղարուեստական, կրթական ու մարդասիրական են: Հիմնարկին նպատակն է խթանել միջազգային գիտելիքի փոխանակումը եւ թատերական արուեստի կիրարկումը, որուն շնորհիւ կը ձգտի ամրապնդել խաղաղութիւն եւ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւն, խորացնել մարդոց փոխըմբռնումը, բարձրացնել թատերական արուեստի բոլոր ներկայացուցիչներու ստեղծագործական համագործակցութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.