Յունաստանի Համազգայինի 19րդ Շրջանային ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 9 Նոյեմբերին: Նիստը բացուած յայտարարեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յովսէփ Պարազեան, Աթէնքի , Գոքինիոյ եւ Սերեսի պատգամաւորներու, պարի միաւորի, թատերախումբի պատասխանատուներու եւ հրաւիրեալներու 19 իրաւասու եւ յաւելեալ խորհրդակցական ձայնով մասնակիցներու ներկայութեան:
Ժողովէն կը բացակայէին Թեսաղոնիկէի եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները:
Ժողովին ներկայ գտնուեցան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Մկրտիչ Մկրտիչեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ Քերոբ Էքիզեան, Յունահայոց Ազգային վարչութեան կողմէ Արա Մանկոյեան, ՀԿ Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ Նորա Քիւրտօղլեան, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան կողմէ Խաչիկ Մինասեան, ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Ռազմիկ Էրջէնեան եւ Մարալ Գույումճեան ու «Ազատ Օր»ի խմբագիրը:
Ժողովի կարգն ու օրինականութիւնը ճշդեց առժամեայ դիւանը, ստուգելով լիազօրագիրները եւ հաստատելով ժողովի ներկաներու թիւը: Ապա ընտրուեցաւ ժողովի մնայուն դիւանը, նախագահներ՝ Սերգօ Մինասեան եւ Վիգէն Մինասեան եւ քարտուղարուհի՝ Մարիա Մարկոսեան:
Ժողովը անցնելով իր աշխատանքներուն, ընտրեց բանաձեւի, արխիւի եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերը:
Ընթերցուեցաւ Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան տեղեկագիրը, ուրկէ ի յայտ եկաւ, թէ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ նախորդ Պատգամաւորական ժողովէն ընտրուած Շրջանային վարչութեան հրաժարումն ու նորի մը ժամանակաւոր նշանակումը հարկադրական քայլ մըն էր, քանի զանազան պատճառներով նախկին Շրջանային վարչութիւնը չգործեց:
Տեղեկագիրի բաժինը ամբողջացաւ նիւթաբարոյական հաշուեկշիռի ընթերցումով եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբի զեկոյցով:
Օրակարգերու քննարկման ընթացքին շեշտուեցաւ կազմակերպական ուժեղացման եւ մշակոյթի տարածման ծրագիրներով առաջնորդուելու հրամայականը:
Ժողովը որոշեց հաշուեքննիչ յանձնախումբ մը յառաջացնել, որ նստաշրջանին ընթացքին պիտի ստանձնէ Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու ու միաւորներու հաշիւներու յաճախակի քննութիւնը:
Ժողովը աւարտեցաւ Շրջանային վարչութեան նոր կազմի ընտրութեամբ։ Շրջանային վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալները՝ Յովսէփ Պարազեան, Յովիկ Պապօղլեան, Մարիա Մարկոսեան-Տամատեան, Էտկար Էկեան, Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Վազգէն Յարութիւնեան (հեռանիստ), Նուարդ Ղալիլէա (հեռանիստ):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.