ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աղքատներու եւ հարուստներու միջեւ ո՛չ մէկ ընկերութիւն ցարդ կրցած է հասարակակարգ ստեղծել: Համայնավարական վարչակարգերը իրենց ամբողջ հզօրութեամբ, չկրցան արդար հաւասարութիւն հաստատել, հակառակ ջատագովուած բազմատեսակ գաղափարախօսութիւններուն: Կիրառուած ծածուկ անհաւասարութիւնը ընկերային կեանքի մէջ, անոնցմէ շատերուն համար եղաւ նաեւ իրենց ձեռքով փորուած գերեզմանը: Ինքնախաբէական կեանք, որուն զոհերը դարձան հաւասարապէս գաղափարախօսութեան քարոզիչներն ու ենթակայ ժողովուրդները: Ղեկավար տարրին անօրինակ հարստութեան տիրանալը, իսկ ատոր դիմաց պարզ խաւին միօրինակ ժուժկալութիւնը, հակադիր բեւեռները հանդիսացան այդ վարչակարգերուն, որոնցմէ ոմանց կառուցած հսկայ կայսրութիւնները աշխարհի ժողովուրդներու աչքերուն դիմաց փուլ եկան, վերականգնումի աննշոյլ յոյսի իսկ առիթը չտալով:
Շատեր երջանկութեան ետեւէ իրենց վազքին մէջ կը շփոթին եւ ամէնէն փայլուն դուռը զոր իրենց դիմաց կը տեսնեն՝ հարստութիւնը կ՛ըլլայ: Անոնք այնպէս կը խորհին, որ այդ դրան սեմէն ներս մտնելէ անմիջապէս ետք պիտի երջանկանան: Մարդկային ընկերութեան պատմութիւնը ցոյց տուած է, սակայն, որ երկուքն ալ՝ թէ՛ հարստութիւնը եւ թէ աղքատութիւնը, մարդուն երջանկութիւն բերելու մէջ ձախողած իրավիճակներ են: Երկրորդը՝ աղքատութիւնը, բոլորին կարծիքով արդէն ո՛չ միայն երջանկութեան պատճառ, այլ՝ արգելք կը համարուի: Մարդկութեան քանի՞ տոկոսը կը համաձայնի որ աղքատութիւնը երջանկութիւն կը բերէ… Ճի՛շդ է, որ կա՛ն երջանիկ աղքատներ կամ՝ աղքատներ, որոնք բաւարարուած են իրենց ունեցածով կամ չունեցածով, եւ որովհետեւ աւելին չե՛ն փնտռեր, ուրեմն երջանիկ կը զգան: Սակայն ատիկա չի՛ նշանակեր, թէ կրնանք վերոյիշեալ երեւոյթը ընդհանրացնել՝ ըսելով, որ աղքատութիւնը երջանկութիւն կը պատճառէ: Աշխարհի մէջ աղքատութիւնը մարդասիրական միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ նոյնիսկ չարիքի արմատ կը համարուի: Որովհետեւ երրորդ աշխարհեան թէ զարգացած երկիրներու մէջ աղքատութեան հետեւանքով կը բազմանան յոռի երեւոյթներ, ինչպէս՝ գողութիւն, մարմնավաճառութիւն, անչափահասներու ստիպողական աշխատանք, մարդավաճառութիւն եւ ոճիր: Ոմանց կարծիքով աղքատութիւնը նաեւ պատճառ կը հանդիսանայ մարդու արբեցող դառնալուն: Մենք ամբողջութեամբ համաձայն չենք այս կարծիքին: Սակայն հակառակը կրնայ պատահիլ, երբ մէկը արբեցութեան հետեւանքով աղքատանայ: Օդէն ու ջուրէն, հացէն ու հագուստէն աւելի կարեւոր է արբեցողին համար խմիչք ունենալը: Ատիկա կը դառնայ իր կեանքին առաջնահերթութիւնը, որուն համար ամէն ինչ կը զոհէ՝ կին, երեխաներ, տուն ու հարստութիւն: Կեանքը հակասութիւններով լեցուն է:
Ընդհանրապէս աղքատ կը համարենք այն անձը, որ դրամ չունի: Սա դժբախտաբար տարածուած երեւոյթ է: Աղքատը շուտով կը յայտնուի, ինչքան ալ պահէ իր աղքատութիւնը: Սակայն սխա՛լ է միայն դրամ չունեցողը աղքատ կոչել: Աւելի՛ քան աղքատութիւն եւ անյոյս չքաւորութիւն պէտք է կոչել այն մարդուն կացութիւնը, որ դրամէն բացի այլ բան չունի… Եթէ միայն դրամ ունի մէկը եւ ուրիշ ոչինչ, աղքատութեան վերջակէտը պէտք է համարել անոր իրավիճակը…
Կեանքը միայն դրամով կարելի չէ՛ ապրիլ: Հարազատներ, բարեկամներ, ծանօթներ, իմացական ու մշակութային իրագործումներ, որոնք անպայման դրամով ձեռք բերուելիք նիւթական հարստութիւններ չեն, սակայն աւելի՛ կ՛արժեն քան արծաթն ու ոսկին, կալուածներն ու դրամը: Շատերու համար աղքատութիւնը միտքի մէջ ծնած մտածում մըն է սոսկ: Այսինքն, թէ ինչքա՞ն հարուստ ես, կամ՝ ինչքա՞ն աղքատ՝ ատիկա քու միտքիդ մէջ քու մասին եղած տպաւորութենէն կախեալ է: Օրինակ, եթէ տեսար, թէ դրացիդ նոր եւ սուղ ինքնաշարժ առեր է, ու յանկարծ մտածեցիր, թէ դուն անկէ աւելի նուազ դիրքի վրայ մնացիր, ինչքան ալ հարուստ ըլլաս, միտքիդ մէջ արդէն դուն քեզ աղքատ կը տեսնես: Աղքատութիւնը այստեղ նիւթական հարստութեան չգոյութեան հետ կապ չունի, այլ՝ միտքիդ մէջ քու մասին ունեցած այդ պահու կարծիքին առնչուած է: Այսպիսի պարագաներու, մինչեւ նոր ինքնաշարժ առնելդ ու դրացիիդ հետ «հաւասարիլդ», դրամատան մէջ ունեցած միլիոններդ օգուտ չե՛ն ունենար: Դուն ա՛յդ պահուն աղքատ զգացիր դուն քեզ…
Հարուստներէն ոմանք ալ բնա՛ւ չեն հաւատար ցնցոտիներով մուրացկանութիւն ընող աղքատներուն: Անոնք իրենց զաւակներուն կ՛ըսեն. «Ասոնք շատ հարուստ մարդիկ են, մի՛ հաւատաք անոնց արտաքին տեսքին»: Ուրիշներ ալ աւելի՛ խոր երթալով, ծիծաղով կ՛աւելցնեն. «Եթէ հարստանալ կ՛ուզես, պէտք է աղքատ ձեւանաս»: Իսկապէս ալ ոմանք մեծ հարստութեան տէր ըլլալով հանդերձ, իրենց ամբողջ կեանքը համեստ ապրուստով կ՛անցընեն, շռայլութենէ հեռու մնալով եւ ապրելով այնպէս, ինչպէս չքաւոր մը պիտի ապրէր… Սա տեսականօրէն ժուժկալութեան գլուխ գործոց կրնայ նկատուիլ, սակայն գործնականօրէն՝ թշուառութեան կատակերգութիւնը կ՛ըլլայ, երբ մարդ իր ունեցածը չի՛ կրնար օգտագործել: Իսկ իր մահէն ետք, յանկարծ իր զաւակներուն կամ հարազատներուն մէջէն կը յայտնուի շռայլ մը, որ իր վայելել չկրցածը, այնքան հաճոյքով ու զեխութեամբ «կը վայելէ…»:
Ժողովրդային կամ հանրային կարծիքը եւս իր դերակատարութիւնը ունի հարուստին կատարած ամէն գործերը ճիշդ տեսնելու, իսկ աղքատին կատարած իւրաքանչիւր արարքը հարցականի տակ առնելու իմաստով: Հարուստները եթէ նոյնիսկ օձ ուտեն, ամէն մարդ կ՛ըսէ. «Դեղ է օձը, ատոր համար կերաւ»: Իսկ աղքատը եթէ նոյն արարքը գործէ, տեսնողներ կ՛ըսեն. «Ուտելիք չունենալուն եւ անօթութեան հետեւանքով նոյնիսկ օձ ուտել պարտաւորուեցաւ»:
Ահա ընկերային անարդարութիւնը՝ հարուստի եւ աղքատի տարբերութիւնները սահմանող: Երկուքն ալ նոյն արարքը գործեցին՝ օձ կերան, սակայն այդ արարքին մեկնաբանութիւնը իրարմէ տարբեր եղաւ: Կրնանք նոյնիսկ ըսել, որ տեսնող վկաներն ալ նոյն անձերն էին, սակայն դարձեալ իրարմէ տարբեր տեսակէտներ արտայայտեցին միեւնոյն արարքին մասին…
Ուրեմն, եզրակացնելով այս երկու տեսակ՝ հարուստ եւ աղքատ մարդոց միջեւ տարբերութեանց գետինները քննող սոյն գրութիւնը, կրնանք ըսել, թէ ան, որ հարուստ կը զգայ հոգեպէս, ա՛ն է իսկական հարուստը, իսկ շա՜տ հարուստներ, թերեւս հոգեպէս անդարմանելի թշուառութեան մէջ կը տուայտին: Աւետարանին մէջ ի զուր չէ՛, որ Յիսուս երանի՜ կու տայ «հոգիով աղքատներ»ուն (Հմմտ. Մտ 5.3): Կարդա՛ եւ տե՛ս թէ ի՞նչ կ՛ըսէ քեզի: