
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Սարգիս սրկ. Էյլէնճեան, որ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ արժանացաւ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման, ու վերանուանուեցաւ տէր Սերովբէ, Կիրակի, Նոյեմբեր 9ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, իր անդրանիկ Ս. պատարագը պիտի մատուցէ եւ քարոզէ առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ առաջնորդը, իսկ աւարտին, առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Նորընծայ Սերովբէ քհնյ. Էյլէնճեան քառասունքի իր պահեցողութեան, խոկումի եւ հոգեւոր պատրաստութեան շրջանը բոլորեց Վենթուրա գաւառի «St. John Seminary» համալիրին մէջ, որուն ընթացքին, հոգեւորականներ Աւետիս քհնյ. Աբովեան, Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան, դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան եւ առաջնորդարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան վարիչ Մաշտոց Չօպանեան այցելեցին եւ օգնեցին իրեն: