ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կազմակերպութեամբ Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին եւ նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, ներկայութեամբ Վաչէ արք. Յովսէփեանի, հոգեւորականներու եւ հայորդիներու, Կիրակի, Հոկտեմբեր 26ի երեկոյեան, առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ մը՝ նուիրուած երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի վախճանման 20րդ տարելիցին:
Երեկոյի հանդիսավարն էր «Զուարթնոց»ի ատենապետ տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ամփոփ կերպով նկարագրեց Վազգէն Ա.ի կաթողիկոս ընտրութեան շրջանի (1955) եկեղեցական տագնապը եւ քաղաքական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ նորին սրբութեան բազմաթիւ իրգործումները:
Բացման աղօթքը կատարեց Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան: Ապա, դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան ներկայացուց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի կենսագրութիւնը եւ վաստակը, որ կ՛ընդգրկէր վանքերու վերանորոգութիւններ: Ան յիշեցուց, որ 1988ի Փետրուար 25ին, Հայաստանի հետ Արցախի վերամիաւորման հարցով, Վազգէն Ա. դիմած է Միխայէլ Կորպաչովի, Արցախեան շարժման ընթացքին խորհրդային եւ միջազգային բարձր ատեաններուն լսելի դարձնելու համար արցախահայութեան ձայնը:
Հայրապետական առանձին տնօրինութեամբ, 1989ին վերահաստատուած է Արցախի թեմը, Արցախի շարք մը եկեղեցիներու եւ վանքերու վերաբացումն ու վերանորոգումը տեղի ունեցած են, եւ իր ջանքերով սկսած են գործելու Սիւնիքի եւ Գուգարքի թեմերը:
Վեհափառը օրհնած է Հայաստանի վերանկախացումը եւ 1991ի Սեպտեմբեր 29ին կատարած է Միւռոնի օրհնութիւնը՝ զայն անուանելով «Անկախութեան Միւռոն», իսկ 1992ի Մայիս 28ին, յատուկ կոչով դիմած է Հայց. եկեղեցւոյ բոլոր թեմակալ առաջնորդներուն՝ սատարելու համար Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ստեղծման: Վազգէն Ա. հովուապետական այցելութիւններ տուած է արտասահմանի թեմերուն եւ համայնքներուն, ինչպէս նաեւ յատուկ այցելութիւններ տուած է քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու, որոնք մօտէն ծանօթացած են Մայր Աթոռի հոգեւոր առաքելութեան: 1991ին ընտրուած է ՀՀ ԳԱԱ պատուոյ անդամ, իսկ 1994ին եղած է առաջինը, որ կ՛արժանանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոսի կոչման:
Այնուհետեւ, ցուցադրուեցաւ Վազգէն վեհափառ հայրապետի կեանքը ներկայացնող տեսաերիզ մը, որ սքանչելի կերպով պատրաստուած էր։ Արմէն Յովհաննիսեան սքանչելի կերպով կատարեց «Ձօն Ընկերոջ»ը եւ «Խօսք Հայրական»ը։
Ցուցադրուեցաւ այլ կարճ տեսաերիզ մը՝ վեհափառի գործունէութեան մասին, ապա հանրածանօթ ասմունքող Նունէ Աւետիսեան տպաւորիչ կերպով արտասանեց Իսահակեանի «Կտակ»ը եւ Շիրազի «Մայրական Շարք»ը բանաստեղծութիւնները։
Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ առաջնորդական փոխանորդ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան եւ Քերոբ սրկ. Արթենեան, որոնք Էջմիածինի «Գէորգեան» ճեմարանին մէջ աշակերտած են վեհափառին, իրենց յուշերը պատմեցին ներկաներուն:
Երգչուհի Սալբի Մայիլեան խանդավառութիւն ստեղծեց իր երգած երկու երգերով՝ «Հայրենի Երկիր» եւ «Միասնութեան Շուրջպար»:
Փակման խօսքին մէջ, առաջնորդ սրբազան հայրը անդրադարձաւ իր առաջին հանդիպման՝ նորին սրբութեան հետ, 1976ին, որպէս «Գէորգեան» Հոգեւոր ճեմարանի սան, ինչ որ խոր տպաւորութիւն ձգած էր իր վրայ: Ան յիշեց նաեւ 1980ին, Էջմիածինի Մայր տաճարին մէջ վեհափառին ձեռամբ իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը, ապա տասը տարի ետք՝ եպիսկոպոս օծումը, ինչպէս նաեւ վեհափառի իրագործումները։
Հանդիսավար տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբի անդամներուն եւ բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ ոգեկոչեցին 20րդ դարու մեծագոյն հայրապետներէն՝ Վազգէն Ա.ը:
Ներկաներուն բաժնուեցան առաջնորդին հեղինակած «Ապրուած Կեանքի Յուշեր» գիրքէն օրինակներ, ուր արձանագրուած են աւելի քան տասը յուշապատումներ՝ նուիրուած Վազգէն վեհափառին: Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.