ՊԷՅՐՈՒԹ.- Քոպանիէն աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հաղորդած է, որ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան զինեալները քաղաքին մէջ նահանջած են դէպի սահմանային դիրքեր: Աղբիւրը կը նշէ, որ քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերը տկարացուցած են ծայրայեղականներու դիրքերը, իսկ բախումներուն ընթացքին սպաննուած է «Իսլամական պետութեան» ղեկավարներէն Ապու Միրիամ Շիշանին:
Քոպանի հասած փեշմերկաները սկսած են «Կրատ» տիպի հրթիռներով հարուածելու «Իսլամական պետութեան» դիրքերը։ Ծայրայեղականները իրենց ուժերը սկսած են հաւաքելու Քոպանիէն 60 քիլոմեթր արեւմուտք գտնուող շրջանի մը մէջ, առ ի պատրաստութիւն նոր յարձակումի մը:
Մինչ այդ, ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ ամերիկեան օդուժը Սուրիոյ մէջ հարուածած է «Իսլամական պետութեան» դիրքերը, որոնց շարքին՝ Քոպանիի մէջ գտնուող դիրքերը:
Միւս կողմէ, թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Քոպանիի վրայ յարձակող ուժերուն կողքին կը կռուին ատրպէյճանցի արձակազէններ:
Նաեւ, «Սուրիական ազատ բանակ»էն աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» թերթին յայտնած է, որ Քոպանիի քիւրտերուն եւ քաղաք մուտք գործած «Սուրիական ազատ բանակ»ի զինեալներուն միջեւ ծագած տարակարծութեան պատճառով, վերջիններէն 20 զինեալ քաղաքէն հեռացած է դէպի Թուրքիա: Քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերէն աղբիւր մը նոյն թերթին յայտնած է, որ «Սուրիական ազատ բանակ»ի զինեալները Թուրքիոյ հրամաններուն կ՛ենթարկուին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.