
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 1ին, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ։
Ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել մօտաւորապէս 350,000 տոլար գումար մը, որուն 250,000 տոլարը նուիրած են տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Լուսիկ Մսըրլեանները։
Իր 35րդ տարեշրջանը թեւակոխած Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի տարեկան ձեռնարկին մասին լրատուութիւնը անջատաբար պիտի տանք յետագային։