
2015ի ՀԲԸՄի Նիւ Եորքի ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակցիլ փափաքող համալսարանական հայ ուսանողները պէտք է իրենց դիմումնագիրները եւ հարկաւոր փաստաթուղթերը յանձնեն մինչեւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1:
28րդ տարին թեւակոխող սոյն նախաձեռնութիւնը առիթ կ՛ընծայէ հայ ուսանողներուն մասնակցելու շարք մը հեղինակաւոր ընկերութեանց վարժողական ծրագիրներուն: Ընկերութեանց շարքին են՝ «Մերիլ Լին»չը, «Ռոթչայլտ»ը, «Քրիսթիզ»ը եւ «Քոլոմպիա» համալսարանի բժշկական կեդրոնը:
Ցարդ, աշխարհի տարածքէն հարիւրաւոր ուսանողներ մասնակցած են Նիւ Եորքի ամառնային վարժողական ծրագիրին։
Դիմումնագիրներուն համար, այցելել agbu-internship.org/nysip կայքէջը: