ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Ողջունելի է կառավարութեան եւ վարչապետին վճռականութիւնը՝ ստուերային տնտեսութեան խնդիրին լուծման եւ խաղի հաւասար պայմաններու ստեղծման առնչուած: Այս մասին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի մէջ Արժոյթի միջազգային հիմնարկի ներկայացուցչութեան ղեկավար Թերեզա Տապան Սանչեզը։
Ան նշած է, որ այդ ուղղութեամբ բազմաթիւ քայլեր կան կատարելիք, սակայն անհրաժեշտ է ունենալ ռազմավարութիւն մը։
«Մենք կ՛աշխատինք կառավարութեան հետ հարկային վարչարարութեան ուղղութեամբ, եւ մենք կը խրախուսենք կառավարութիւնը՝ իրականացնելու բարձր եկամուտի, հարստութեան տէր մարդոց հարկին վերաբերող վճռական քայլեր, Եւրոպական միութեան այլ երկիրներ եւս կ՛առնեն նման քայլեր, քանի որ ատիկա համատարած խնդիր է, որովհետեւ մեծ հարստութեան տէր մարդիկ՝ խոշոր հարկ վճարողները, շատ միջոցներու կը դիմեն հարկերէ խուսափելու համար», յայտնած է ան:
Անդրադառնալով փոքր առեւտուրին՝ Թերեզա Տապան Սանչեզ ըսած է, որ ատիկա այլ ուղի է ստուգելու, թէ ընդհանուր համակարգը ինչպէս կը գործէ: «Հարկային վարչարարութիւնը պէտք է կարելի եղածին չափ քիչ բեռ դնէ փոքր առեւտուրի գործարարութեան համար, սակայն համագործակցութիւնը՝ փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն հետ առանցքային նշանակութիւն ունի», նշած է ան՝ նկատել տալով, որ փոքր ու միջին առեւտուրի մեծ եւ հիմնական մատակարարները ինքնին մեծ առեւտուրի ներկայացուցիչներն են, ուստի տնտեսութեան բոլոր ուղիները լաւապէս պատկերացնելու համար շատ կարեւոր կը նկատուին ապրանքագիներու անհրաժեշտ պատշաճ համակարգի առկայութիւնը, ինչպէս նաեւ հաշուետուութիւնները:
Հայաստանի մէջ Արժոյթի միջազգային հիմնարկի ներկայացուցչութեան ղեկավարը ստուերի դէմ պայքարելու Հայաստանի կառավարութեան վճռականութիւնը նկատած է պաշտօնաւորման սկիզբ, որ անպայման պայմանաւորուած չէ միայն հրապարակային ելոյթներով, այլ անոնց հետ երկխօսութեամբ։
«Մենք այդ խօսքերուն մէջ կը տեսնենք կամ կը լսենք այդ վճռականութիւնը, ազատականութիւնը եւ կ՛աշխատինք գործողութիւններու ընթացքին զանոնք իրականութիւն դարձնել», դիտել տուած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.