ԵՐԵՒԱՆ.– Չինական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ ստեղծել Արեւելեան Եւրոպայի եւ ԱՊՀ տարածաշրջանի մեծ դպրոց մը, որ պիտի ըլլայ հայկական, սակայն իբրեւ լրացուցիչ դասաժամեր պիտի դասաւանդուին չինարէն եւ Չինաստանի մշակոյթի ուսումնասիրութիւն։ 30 Հոկտեմբերի կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը:
Կառավարութիւնը այս դպրոցի կառուցման համար արդէն իսկ որոշում տուած էր յատկացնել տարածք եւ համապատասխան պայմաններ։
Ա. Աշոտեան ըսած է, որ դպրոցը պիտի ունենայ գերժամանակակից բոլոր ենթակառուցուածքները, մշակութային կեդրոն, ինչպէս նաեւ հանրակացարանային համալիր, որպէսզի մարզերէն եկած աշակերտները նոյնպէս կարելիութիւն ունենան դպրոցին մէջ ուսանելու։
Նախարարին համաձայն՝ չինարէնի խորացուած ուսուցմամբ դպրոցի կառուցման առաջարկը կատարած է Հայաստան, քանի որ Հայաստանի մէջ կը խրախուսուի արտասահմանեան ներդրումները կրթութեան ոլորտին մէջ: «Չինաստանի հետ այս նախագիծն ունի նաեւ քաղաքական կարեւորութիւն, քանի որ հայ-չինական հումանիտար համագործակցութեան շոգեքարշը եւ այցեքարտը կարող է լինել, յատկապէս, որ չինական կողմը մեծ ոգեւորութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ է այս առաջարկը ընդունել», յայտնած է Ա. Աշոտեան՝ աւելցնելով, որ դպրոցի կառուցման համար չինական կողմը նախնական տուեալներով կը նախատեսէ ներդրել մօտ 8 միլիոն տոլար:
«Սա խոշոր ներդրում է եւ ոգեւորիչ նախագիծ է նաեւ այն առումով, որ աշխարհում չինարէնի պահանջարկն աճում է», ըսած է նախարարը:
Դասագիրքերուն առնչութեամբ նախարարը յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ չկան հայերէնի հիմքով չինարէնի ուսումնասիրման դասագիրքեր: Ատոր համար առաջին հանգրուանին այդ դպրոցին մէջ աշակերտներուն պիտի դասաւանդուին ռուսական հենքով չինարէնի ուսումնասիրման դասագիրքերով:
Սակայն, ըստ Ա. Աշոտեանի՝ մասնագէտները չինական կողմին հետ շատ արագ պիտի ստեղծեն հայերէնի հենքով չինարէնի ուսումնասիրման ու դասաւանդման դասագիրքերու եւ ուսումնական մեթոտներու շարքը:
Նախարարին համաձայն՝ կը նախատեսուի դպրոցի շինարարական աշխատանքներուն սկսիլ 2015ին։ «Հաշուի առնելով, որ շինարարութիւնն իրականացնելու է չինական կողմը, կը լինի շատ արագ ու որակով: Նախատեսւում է, որ մօտ երկու տարի յետոյ կը բացուի դպրոցը», բացատրած է ան։
Նախարարը նաեւ յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ նմանատիպ դպրոցներ կառուցելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը դիմած է նաեւ շարք մը արաբական երկիրներու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.