ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ազգային ժողովի աւանդական ճեպազրոյցին ընթացքին՝ անդրադառնալով ոչ իշխանական 3 ուժերու հանրահաւաքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի անցեալի սխալները չկրկնուին, ու գործընթացին մէջ արիւն չըլլայ:
Երկրորդ կարեւոր խնդիրը, ըստ անոր, պէտք է այնպէս ընել, որ ժողովուրդը չհիասթափի: «Ես չէի ցանկանայ հանրահաւաքից առաջ յայտարարութիւններ անել, որոնք կ՛անդրադառնան հանրահաւաքի վրայ: Ես չեմ ցանկանայ, որ ձախողուի հանրային բնոյթ կրող միջոցառումը, քանի որ հազարաւոր մարդիկ լի յոյսերով են գնում հանրահաւաքին: Չէի ուզենայ, որ իրենք այս իմ ասած հարցերի հետ կապուած որեւէ ձախողում արձանագրէին: Եթէ լինի այս իմ ասած երկուսից որեւէ մէկը, ապա բոլորս էլ խնդիր ենք ունենալու», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ հիասթափութիւն ըսելով նկատի ունի նաեւ անցեալի դառն փորձառութիւնը, երբ անընդհատ կ՛ըսէին՝ ճշդուած ժամուն եկէք, կը տեսնէք ինչ պիտի ըլլայ, սակայն խորքին մէջ ոչինչ տեղի կ՛ունենար։
Պատգամաւորը շեշտեց, որ կը փափաքի, որ եռեակը իսկապէս չձախողի իր ծրագիրներուն մէջ։ Ա. Ռուստամեանի կարծիքով՝ յաջողութեան կարելի է հասնիլ ո՛չ միայն «ընդդէմ»ով, որ կրնայ նոյնիսկ յանգեցնել արիւնահեղութեան, այլ նաեւ «յանուն»ով: «Եթէ ծրագիրը համակցուած լինի այդ երկուսով, ապա հնարաւոր է յաջողութեան հասնել: Ես համարում եմ, որ ամէն դաշտում էլ ողջամիտ մարդիկ կան, իշխանութիւնում էլ, մնում է միայն վստահելի ծրագիր եւ համոզիչ ընթացք ներկայացնել», ըսաւ ան։
Նախորդ հանրահաւաքէն ետք առկախ հարցեր կան, եւ պատգամաւորը յոյս ունի, որ 24 Հոկտեմբերի հանրահաւաքը կը սրբագրէ զանոնք, այլապէս անոնք կրնան խորանալ: «Լաւ սկիզբը կարեւոր դեր ունի հետագայի համար: Գուցէ իրենք որոշել են, որ մի քանի հանրահաւաքն է սկիզբը: Բայց որ այդ հանրահաւաքն ակնկալիքները չբաւարարեց, սա ամենաադեկուատ գնահատականն է», աւելցուց Արմէն Ռուստամեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ 10 Հոկտեմբերի հանրահաւաքը, եւ արդեօք հիասթափութիւն կա՞յ՝ ան ըսաւ. «Ես ասել եմ, որ Հոկտեմբերի 10ի հանրահաւաքից յետոյ պահպանուել է անորոշութիւնը, որը կար ժողովրդի մօտ: Այս հանրահաւաքի գերագոյն խնդիրը պէտք է լինի այդ անորոշութիւնը սրբագրելը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.