
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 Հոկտեմբերին այցելեց Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոն:
Նախագահը ծանօթացած է նորաբաց մարձումի բաժանմունքի, ժամանակակից բժշկական սարքերով օժտուած տարրալուծարանի եւ ակնաբուժական բաժանմունքի պայմաններուն: Երկրի ղեկավարը կարեւոր նկատած է բժշկական հաստատութիւններու թեքնիք ու արդիական յագեցուածութեան մակարդակի հետեւողական բարձրացումը, մատուցուող բժշկական ծառայութիւններու տեսակներու ընդլայնումը՝ զայն համարելով առողջապահութեան զարգացման հիմնական ուղղութիւններէն մէկը:
Նախագահին կ՛ընկերակցէին առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր: