
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 Հոկտեմբերին ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերը։
Հանդիպման ընթացքին գերմանացի նախարարը ընդգծած է, որ ասիկա Հայաստան տուած իր անդրանիկ այցելութիւնն է՝ նոր պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր, եւ նոր պաշտօնին բերումով տրուած անդրանիկ այցելութիւնն է՝ նպատակ ունենալով աւելի աշխուժացնել հայ-գերմանական քաղաքական երկխօսութիւնն ու խորացնել բարեկամական յարաբերութիւնները: Նախարարը Հայաստանի նախագահին հետ համակարծիք եղած է այն մասին, որ տարուէ տարի երկու երկիրներուն միջեւ կապերը աւելի սերտացած են, եւ ըսուածը կը վերաբերի ո՛չ միայն քաղաքական, տնտեսական, այլեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ ոլորտներուն:
«Հայաստանի Նախագահը եւ Գերմանիայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը հայ-գերմանական երկկողմ օրակարգին վերաբերող հարցերի քննարկումից բացի, անդրադարձել են նաեւ Հայաստան-Եւրամիութիւն յարաբերութիւններին, մտքեր են փոխանակել միջազգային եւ տարածաշրջանային խնդիրների ու մարտահրաւէրների, դրանց դիմակայելու ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերի շուրջ: Զրուցակիցներն անդրադարձել են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներին եւ հեռանկարին», նշուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։