ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հակառակ ատրպէյճանական սպառնալիքներուն, երկու հրաշք տիկիններ Արցախ այցելեցին նախորդող օրերուն ընթացքին: Աշխարհահռչակ սոփրանօ Մոնսերաթ Քապալէն եւ եւրոերեսփոխան տոքթ. Էլէնի Թէոխարուս իրար հանդիպեցան Ստեփանակերտի մէջ եւ Արցախի ապագային հետ կապուած ստեղծագործական նախաձեռնութիւններ ծրագրեցին: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ պետական շրջանակներու հետ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին, անոնք առիթը ունեցան վերանորոգելու իրենց կապուածութիւնը Արցախի հետ:
Կարեւոր է այս երկու հռչակաւոր տիկիններուն այցելութիւնը Արցախ, մանաւանդ երբ անոնք գիտեն, թէ Ատրպէյճան իր «սեւ ցուցակներուն» մէջ պիտի առնէ իրենց անունները, հակաքարոզչութիւն կատարելով իրենց անձին ու գործունէութեան դէմ:
Մոնսերաթ Քապալէ եւ Էլէնի Թէոխարուս կը փորձեն իրենց հասանելի հարթակներուն վրայ միշտ ներկայացնել իրական Արցախը՝ որպէս ազատութեան համար պայքարի խորհրդանիշ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.