ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Երեւանի Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ համայնքներու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ աւարտեցաւ «Շանթ Յարութիւնեան եւ ընկերներ» գործով դատավարութիւնը: Դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեան մեղաւոր նկատեց «Ցեղակրօն» կուսակցութեան նախագահ Շանթ Յարութիւնեանը՝ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 258րդ յօդուածի 4րդ մասով ու զայն դատապարտեց 6 տարուան բանտարկութեան, իսկ անոր անչափահաս որդին՝ 15ամեայ Շահէն Յարութիւնեանը, դատապարտուեցաւ 4 տարուան պայմանական ազատազրկման:
Դատավճիռի արձակումէն ետք դահլիճին մէջ հնչեցին «Ամօ՛թ, ամօ՛»չ բացագանչութիւններ:
Իշխանութեան ներկայացուցիչի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու մէջ մեղադրուող Ալբերտ Մարգարեան անմեղ նկատուեցաւ, մեղաւոր նկատուեցաւ միայն խուլիկանութեան մէջ՝ դատապարտուելով 6 տարուան ազատազրկման:
Ալեք Պօղոսեան դատապարտուեցաւ 4 տարուան բանտարկութեան՝ խուլիկանութեան յանցանքով: Միսակ Առաքելեանը դատապարտուեցաւ 50,000 դրամ տուգանքի, բայց դատարանի վճիռով ազատ կացուցուեցաւ պատիժ կրելէ։
Արմէն Յովհաննիսեան դատապարտուեցաւ 2 տարուան բանտարկութեան, Աւետիս Աւետիսեան՝ 5 տարուան, Հայկ Յարութիւնեան՝ 4.6 տարուան, Լիպարիտ Պետրոսեան՝ 5 տարուան, Մկրտիչ Յովհաննիսեանը՝ 4։
Սեւակ Մնացականեան դատապարտուեցաւ 1.6 տարուան բանտարկութեան, Տիգրան Պետրոսեան՝ 1, Վահէ Մկրտչեան՝ 7, Վարդան Վարդանեան՝ 5 . բոլորն ալ մեղաւոր նկատուեցան խուլիգանութեան յանցանքով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.