ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամ-եակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ 100ամեակին ընդառաջ, յանձնաժողովը կը նախապատրաստուի ծրագիրներ իրականացնելու չորս հիմնական ուղղութեամբ:
Ան կը մասնակցէր Ցեղասպանութեան թանգարան-հաստատութեան տնօրէն, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերին» գիրքի շնորհահանդէսին։
Առաջինը յիշողութիւնն է, ըստ Վիգէն Սարգսեանի՝ «յիշողութիւն մեր զոհերի, մեր ժառանգութեան, որը վերադարձնելու շուրջ անելիքներ ունենք»:
Երկրորդ ուղղութիւնը երախտագիտութիւնն է: «100 տարի առաջ մէկ ուրիշի համար ձայն բարձրացնելը, մէկ ուրիշի կողքին դժուարին պահին կանգնելը բացառիկ երեւոյթներ էին: Երբ թերթում ենք այս ալբոմի էջերը, տեսնում ենք՝ որքան լայնածաւալ էր աջակցութիւնը մեր ժողովրդին: Անհատներ, կառոյցներ, կազմակերպութիւններ, պետութիւններ, ժողովուրդներ իրենց ձայնը բարձրացրեցին եւ կանգնեցին մեր կողքին», նշեց ան՝ ընդգծելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը առիթ է երախտագիտութեան խօսք ուղղելու բոլոր անոնց, որոնք չվախցան ու գործեցին:
Երրորդ ուղղութիւնը ցեղասպանութիւն յանցագործութեան դէմ միջազգային պայքարին մէջ հայ ժողովուրդի դերի ամրապնդումն է. «Մեր մօտեցումն այն է, որ որպէս Ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդ, յիշեցնել բոլորին այդ յանցագործութեան ողջ ծաւալը, վտանգը: Պէտք է մեր մասնակցութիւնը բերենք մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնների, ցեղասպանութեան դէմ միջազգային պայքարի կարեւոր գործին: Այսօր այս թեման արդիական է ինչպէս երբեք՝ հաշուի առնելով Մերձաւոր Արեւելքում քրիստոնեաների ու այլ փոքրամասնութիւնների դէմ ծաւալած յանցաւոր իրադարձութիւնները»:
Եւ վերջին ուղղութիւնը վերածնունդն է: «Ցեղասպանութիւն վերապրելը մէկ բան է, ցեղասպանութիւնից յետոյ վեր յառնելը՝ մէկ այլ բան: Երբ յետ հայեացք ենք նետում, տեսնում ենք, որ հպարտանալու շատ բան ունենք. ոչ միայն գոյատեւեցինք, այլ նաեւ կարողացանք անկախ պետականութեան ձեւաւորման հիմք դնել, կարողացանք յաղթահարել մեզ պարտադրուած պատերազմը», ըսաւ Վիգէն Սարգսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.