
Կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ միացեալ ժողովին եւ տիկնանց միութեան, Կիրակի, 12 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վեր. Րաֆֆի Եւ Գայիանէ Մսըրլեաններու 20ամեայ ծառայութեան առիթով կազմակերպուած գնահատանքի հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան եւ բարի գալուստի խօսքէն ետք հրաւիրեց օրուան հաղորդավար Նաթալի Քէնտիրճեանը, որ ներկայացուց վեր. Րաֆֆի եւ Գայիանէ Մսըրլեաններու կեանքն ու ծառայութեան տարիները՝ լուսանկարներու ընկերակցութեամբ:
Այնուհետեւ Սոնա Գուճանեան գնահատանքի իր սրտի խօսքը ուղղեց վեր. Րաֆֆի եւ Գայիանէ Մսըրլեաններուն՝ անոնց մաղթելով առողջութիւն եւ յարատեւութիւն իրենց ծառայութեան մէջ:
Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ միացեալ ժողովի ներկայացուցիչ Վազգէն Թիւմպերեան յատուկ յուշամետալով մը պատուեց վեր. Րաֆֆի եւ Գայիանէ Մսըրլեանները:
Այնուհետեւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի, ներկայացուց փունջ մը երգեր:
Երգչախումբի ելոյթին յաջորդեց Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի խօսքը: Ան բարձր գնահատեց վեր. Րաֆֆի եւ Գայիանէ Մսըրլեաններու ծառայութեան տարիները Այնճարի մէջ՝ ըսելով, որ վերապատուելիին ծառայութեան տարիներուն ընթացքին այնճարցիք յաջողութեամբ դիմագրաւեցին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Ան յաջողութիւն մաղթեց Մսըրլեաններուն՝ դիմագրաւելու իրենց նոր մարտահրաւէրները իրենց ծառայութեան յետագայ շրջաններուն մէջ:
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան անունով տոքթ. Խաժակ Այնթապեան Մուսա լերան յուշարձանը խորհրդանշող մետալով մը պատուեց վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանը:
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան ըսաւ. «Հովուական ծառայութեան կորիզը այն է, թէ հովիւը Աստուծոյ ծառան է եւ այդ կ՛ենթադրէ, որ ան իր ծառայութեան հաշիւը պիտի տայ Աստուծոյ: Առ այդ՝ այս հանգրուանի ծառայութեան պարագային եւս, մենք նոյն ձեւով կ՛ուզենք նայիլ»:
Ան ըսաւ, որ ծառայութեան գնահատում կատարելու համար մենք պէտք է նկատի ունենանք հաւատարմութիւնը, անկեղծութիւնը եւ ջանքը:
Վեր. Րաֆֆի եւ Գայիանէ Մսըրլեաններ առիթը ունեցան ներկաներուն հետ բաժնեկցելու իրենց սրտի խօսքը: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ, առիթը ընծայելու իրենց ծառայելու Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, որ իրենց համար նման է հարազատ ընտանիքի մը, ուր անոնք առիթը ունեցան սորվեցնելու եւ սորվելու, բաժնեկցելու եւ ծառայելու:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ վեր. Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան «Յետվիկ» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն: