
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 14 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ հայերու միութեան պատուիրակութեան հետ՝ կազմակերպութեան նախագահ Արա Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ: Քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի դերը հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, Արցախի զարգացման եւ արտերկրի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման իմաստով։
Նոյն օրը Լեռնային Ղարաբաղի նախագահն ու Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանը մասնակցած են Ստեփանակերտի թիւ 6 հիմնական դպրոցի նոր շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Արա Աբրահամեանին՝ ծրագիրը ֆինանսաւորելուն համար, եւ նշած է, ատիկա հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն է։
Արարողութեան մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: