ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի դրամական ելեւմուտքի նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուած տուեալներով՝ Ատրպէյճանի յառաջիկայ տարուան տարեկան պիտճէն շուրջ 25 միլառ տոլարի պիտի հասնի: Ռազմական ծախսերուն համար յատկացուած է 4.25 միլիառ տոլար, որ կը կազմէ ընդհանուր պիտճէի 17.9 տոկոսը եւ որ 3.1 տոկոսով աւելի է քան անցեալ տարուան ռազմական յատկացումները:
Համեմատութեան համար նշենք, որ Հայաստանի յառաջիկայ տարուան պետական ամբողջ պիւտճէն նախատեսուած է 3.3 միլիառ տոլար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.