ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետզհետէ վատթարացող ընթացքը մեծապէս վտանգած է գոյութիւնը հայկական վարժարաններուն, որոնք այսօր կը գտնուին տնտեսական ծանր կացութեան մէջ:
Սոյն իրավիճակը մասամբ բարելաւելու նպատակով, Սուիրահայութեան օգնութեան ֆոնտը (SARF) կազմակերպած է հանգանակային շարք մը ձեռնարկներ՝ Քալիֆորնիոյ հայկական վարժարաններու համագործակցութեամբ:
«Փոքր նուէր մը դպրոցէս՝ դպրոցիդ» կարգախօսին տակ, վարժարաններու պատկան մարմինները աշակերտական ակումբներու հետ միասնաբար, յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի կազմակերպեն հանգանակային բազմաթիւ ձեռնարկներ»:
Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան այս օրերուն մեզի հետ կը գտնուի, եւ համոզուած ենք, որ սրբազանին համար հաճելի է իմանալ, թէ այս համայնքէն ներս սուրիահայութեան ձեռք երկարելու տրամադրութենէն վարակուած է նաեւ նոր սերունդը:
Այո՛, հայկական վարժարաններու աշակերտութեան համագործակցութիւնը՝ Սուրիոյ հայկական դպրոցներուն նիւթապէս աջակցելու արշաւին, Շահան սրբազանին իւրայատուկ ողջոյն մը կը փոխանցէ, անոր ճամբով զօրակցութեան պատգամը հասցնելով անապահով պայմաններու տակ ապրող հասակակիցներուն։
Երանի՜ կարելի ըլլար հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներն ալ ներգրաւել այս արշաւին, եթէ նոյնիսկ այդ վարժարաններու վարչական պատասխանատուները իրենց գործունէութիւնը ղեկավարող կանոններուն բերումով հակուած չըլլան քաջալերելու նման ձեռնարկ մը: Համայնքը պէ՛տք է կարենայ այդ աշակերտներուն հասնելու միջոցը գտնել, որովհետեւ, նեղութեան մէջ գտնուող ազգակիցներուն աջակցելու գործը այնպիսի՛ հզօր դաստիարակչական խորհուրդ ունի իրեն մէջ, որմէ զրկուիլը արդար չէ այդ պատանիներուն հաշուոյն: