Ըստ հրապարակուած մամլոյ յայտարարութիւններուն, այս համոյթին նպատակն էր հասոյթ ապահովել յունական դպրոցներուն համար:
Վերջերս, Ատրպէյճանի քարոզչութիւնը յոյն հասարակութոան մօտ յաջողցնելու համար, շարք մը մշակութային բնոյթի ձեռնարկներու իրագործումը կը կատարուի Յունաստանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանութեան կամ անոր կից գործող միութիւններու կազմակերպումով: Յոյն հասարակութեան մօտ ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը եւ բարբարոսական արարքները բացայայտելու նպատակով, ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամներ, ներկայ գտնուեցան «Իրոտիօ» թատրոնի մուտքին, ձեռնարկին ներկայ եղող յոյն հասարակութեան բաժնելով յատկապէս պատրաստուած գեղատիպ պրակը, որ կը ներկայացնէր æուղայի հայկական գերեզմանատան բնաջնջման բարբարոսութիւնը եւ լոյս կը սփռէր ատրպէյճանական գռեհիկ արարքներուն վրայ:
ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամները համոյթէն առաջ դիրք գրաւեցին «Իրոտիօ» թատրոնի մուտքին, շուրջ 1000 պրակ բաժնելով ներկաներուն:
Ոստիկանական ուժերը պահանջեցին, որ երիտասարդները հեռանան «Իրոտիօ»ին առջեւէն, արտօնելով սակայն, որ պրակը բաժնուի Արէոփաղիթու փողոցին վրայ, թատրոնի վայրէն աւելի ներքեւ:
Ոստիկանական ապահովութեան յատուկ ջոկատներու ուժերը ստիպեցին երիտասարդներուն, որ հեռանան մուտքէն: Անոնք բացատրեցին, թէ խաղաղ նախաձեռնութիւն մը կ՛իրագործեն, ժողովուրդին տեղեակ պահելու համար, թէ որո՛ւ համոյթը եկած են դիտելու:
Երիտասարդները յաջողեցան բաժնել պրակները, բացայայտօրէն ու աշխուժութեամբ ներկայացնելով Ատրպէյճանի իսկական երեսը, երբ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս մշակութասէր պետութիւն, բայց նոյն պահուն կատաղութեամբ կ՛ոչընչացնէ աշխարհի մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող հայկական թանկագին կոթողներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.