
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Սեպտեմբեր 24ին, Չորեքշաբթի օր, ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարան այցելեցին յայտնի բարերար, «Էլիս Այլընտ» շքանշանակիր Մերի Նաճարեանն ու Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի կողակիցը՝ Ռուզաննա Խաչատրեան-Օհանեանը:
Հիւրերը ջերմ հանդիպում ունեցան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ: Անոնք իրենց անձնական փորձառութիւնները պատմեցին Հայաստանի ռազմական եւ ընկերային իրականութիւններուն վերաբերեալ:
Մերի Նաճարեանը, որ 40 անգամ Հայաստան ու 30 անգամ Ղարաբաղ այցելած է՝ մարդասիրական առաքելութեամբ, պատմեց 1988ի երկրաշարժէն ու Ղարաբաղի պատերազմէն իր յիշողութիւնները: Այդ ապրումները Նաճարեան ամոլը մղած են բարեսիրական ճամբորդութիւններու շղթայի մը, որ սկսելով Սպիտակի երկրաշարժէն, տարիներու ընթացքին զարգացած է ու այժմ հասած է բանակին սատար կանգնելու գործին:
Իր կարգին, Ռուզաննա Խաչատրեան-Օհանեան, որպէս «Զինուորական Բժիշկների Հայկական Ասոցիացիա»ի հիմնադիրն ու նախագահը՝ ներկայացուց ներկայ ռազմական գործողութիւններէն դրուագներ: Ըստ անոր՝ այսօր ո՛չ խաղաղութիւն է, ո՛չ ալ պատերազմ: Ան նաեւ աշակերնտերուն յայտնեց Քալիֆորնիա իր այցելութեան նպատակը, որն է՝ 10 շտապ օգնութեան կառքեր ապահովել Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին համար ու հանդիպումներ ունենալ Ղարաբաղի մէջ զինուորական հիւանդանոց մը շինելու հնարաւորութիւններուն շուրջ:
Հիւր տիկինները իրենց հրաշագործ իրագործումներով մեծ տպաւորութիւն ձգեցին աշակերտներուն վրայ, որոնք հազիւ երեք ամիս առաջ վերադարձած էին Հայաստանէն եւ թարմ տպաւորութիւններ ունէին հայրենիքէն: Անոնք հետաքրքրութեամբ լսեցին Շուշիի ազատագրման հերոսական պատմութեան եւ Ղարաբաղի սահմանապահ զինուորի առօրեայ կեանքի դժուարութիւններուն մասին:
Հանդիպումը վերջ գտաւ հարցում-պատասխանի բաժինով: